ՇՄՆ Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ վերահսկողութեան կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ Սահարա անապատէն արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ներթափանցմամբ պայմանաւորուած 16-20 Յուլիսը հանրապետութեան ամբողջ տարածքին օդի ջերմաստիճանը աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 14-16 աստիճանով:Այս մասին դիմատետրեան էջին գրած է Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ վերահսկող կեդրոնի տնօրէնի տեղակալ Գագիկ Սուրէնեանը:
Ան նաեւ յայտնած է, որ 19-20 Յուլիսը Արարատեան դաշտի եւ նախալեռներուն, Վայոց ձորի նախալեռներուն, Սիւնիքի հովտային շրջաններուն եւ Երեւանի մէջ ցերեկային ժամերուն ջերմաստիճանը պիտի հասնի +40․․․+42 աստիճանի։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ