image

Եղանակային պայմաններու բերումով Թիֆլիսի օդակայանը թռիչքներ մերժած է

Եղանակային պայմաններու բերումով Թիֆլիսի օդակայանը    թռիչքներ մերժած է

Թիֆլիսի միջազգային օդակայանը յունուար 11-ին մառախուղի պատճառով չէ կրցած քանի մը չուերթ իրականացնել, յայտնած է Newsgeorgia-ն։

Մոսկուայէն չուերթն իրականացնող Georgian Airways օդանաւային ընկերութեան օդանաւը վայրէջք կատարած է Քութայիսի մէջ։

Երեւանէն (Air Dilijans), Պաքուէն (AZAL) եւ Թեհրանէն (Qeshm Air) թռչող օդանաւները վերադարձած են։

Աւելի վաղ Շրջակայ միջավայրի ազգային գործակալութիւնը զգուշացուցած էր յառաջիկայ օրերուն եղանակի վատթարացման մասին։ Մինչեւ շաբթուան վերջ Թիֆլիսի մէջ գիշերը պիտի դիտուի ցրտահարութիւն: Քաղաքին մէջ տաքացում կը սպասուի յաջորդ շաբթուան կէսերուն։