Եմէնի «Անսար Ալլահ» ապստամբական շարժման հուսիները վերձայնային պալիսթիք հրթիռով հարուածած են Թել Աւիւի մէջ քանի մը թիրախ, յայտարարած է ապստամբներու զինուած ուժերու խօսնակ Եահիա Սարիան:
«Եմէնի զինուած ուժերը ռազմական գործողութիւն կատարած են՝ օգտագործելով բազմագլխիկ «Պաղեստին-2» վերձայնային պալիսթիք հրթիռը, որ հարուածած է Ճաֆայի բռնագրաւուած շրջանին մէջ գտնուող քանի մը խոցելի թիրախ: Գործողութիւնը յաջողութեամբ հասած է իր նպատակին»,- ըսած է շարժման ներկայացուցիչը հուսիներուն պատկանող «Ալ Մասիրա» հեռուստաալիքի եթերով:
Աւելի վաղ Իսրայէլի բանակը յայտնած էր Եմէնէն արձակուած հրթիռի խափանման մասին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ հրթիռը խոցուած է Իսրայէլի օդային տարածքէն դուրս: