Եմէնի հուսիներու «Անսար Ալլահ» շարժումը չորս յատուկ գործողութիւն իրականացուցած է՝ ուղղուած իսրայէլեան ուժերու կենսական նշանակութեան թիրախներուն դէմ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ հուսիներուն պատկանող Al Masirah հեռուստաալիքը։
Հուսիներու ռազմական խօսնակ, պահակագունդի զօրավար Եահիա Սարի իր յայտարարութեան մէջ պարզաբանած է, որ Եմէնի օդուժը իրականացուցած է չորս ռազմական գործողութիւն Հայֆա, Նեկեւ, Ումմ ալ-Ռաշրաշ եւ Պիիր աս-Սապաա շրջաններուն մէջ՝ օգտագործելով վեց անօդաչու թռչող սարք։ Գործողութիւնները կատարուած են Կազայի շրջանի ժողովուրդին դէմ Իսրայէլի կողմէ կատարուող ցեղասպանութեան եւ սովի ենթարկելու յանցագործութիւններուն ի պատասխան։ Պաշտօնեայի պնդումով՝ հարուածները յաջողութեամբ հասած են իրենց նպատակին։
Խօսնակը նշած է, որ հուսիները «պիտի շարունակեն աջակցող գործողութիւնները մինչեւ յարձակման դադրեցումը եւ Կազայի շրջանի պաշարման վերացումը»։
Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը Օգոստոս 12-ին յայտնած են, որ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը որսացած են Եմէնէն արձակուած անօդաչու թռչող սարք։