Երբ խորհրդանիշը կը կորսնցնէ իր հոգին, լոկօն կը մնայ՝ իբրեւ դատարկ պատկեր։ Իսկ երբ անոր ետին կանգնած է արժէքին հաւատարիմ մարդ մը, խորհրդանիշը կը շարունակէ ապրիլ։ Լիւքա Տի Մոնթեզեմոլոյի խօսքերը «Ֆերարի»ի մասին, այս իմաստով, շատ աւելի են քան մեքենայի մը մասին արտայայտուած կարծիք մը. անոնք նախազգուշացում մըն են ժամանակակից աշխարհին՝ նորոյթին անունով արժէքները չզոհաբերելու մասին։
Լիբանանահայ օգտատէր Սագօ Գասապեան կը գրէ՝
Այս մարդուն անունը Լիւքա Տի Մոնթեզեմոլօ է։ Ան 1991-2014 (CEO) տնօրէնն էր իտալական աշխարհահռչակ Ֆերարի ընկերութեան։ Ֆերարի ընկերութեան (CEO) տնօրէնի պաշտօնը լուրջ պաշտօն է, տարեկան մօտաւորապէս 1.146 միլիառ տոլարի շրջանառութեան վերահսկող, մօտ 13,750 մեքենայի արտադրութեան հետեւող, աշխարհի չորս կողմերու յաճախորդութեան յետ-վաճառքի գոհունակութիւնը ապահովող անձը։
Ֆերարին, որ գեր-արագութեան, շարժակային եւ մեքանիքային առումով տոկունութեան, իւրայատուկ բծախնդիր ճաշակով ձեւաւորման թանկարժէք երազանք մըն է՝ փոխադրամիջոցի տեսքով, ունի համահունչ «լօկօ», իր բոլոր յատկանիշները խտացնող խորհրդանիշ՝ վեր խոյացող Ձի։ Լիւքա Տի Մոնթեզեմոլօն, բանիւ եւ գործով Ձիուն պատիւը բարձր պահող անձն էր երկար տարիներ։
Լիւքա Տի Մոնթեզեմոլօ 2014-ին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ֆերարին ստանձնած նոր սերունդի նոր տնօրէնները, «օրուան պահանջք»ին եւ չեմ գիտեր ինչ չափանիշներ գոհացնելու միտումով, երեւի քայլ պահելու համար նորաձեւութեան հետ, կամ ծուռ դարձող մեր աշխարհի վազքին հասնելու համար, 2026-ի Մայիս 25-ին յայտարարեցին եւ ներկայացուցին... «Ելեկտրական Ֆերարի»ն՝ «Լուչէ», որ կը նշանակէ լոյս։
Պատկերացուցէք Ֆերարի մը, «Թեսթա Ռոսսա» (Կարմիր գլուխ) մը՝ առանց իր շարժակի գայթակղեցուցիչ ձայնին. այդ վայրի ուժին, հզօրութեա՛ն։ Պատկերացուցէք Ֆերարի մը որ կը բանի «պաթըրի»ով... առանց ձայնի, լուռ ու մունջ, հեզաճկուն քալուածքով, ինչպէս նեղ եւ կարճ տաբատ հագած յիսուննոց ճաղատացած մը։
Նկարին մէջ Լիւքա Տի Մոնթեզեմոլօն է, որ այս պահուն, իրեն համար այդքան յուզիչ պահուն, պատասխանելով Ելեկտրական Ֆերարիին մասին լրագրողի մը հարցումին, հազիւ ինքզինքը հաւաքած, յուզմունքը մէկ կողմ դնելով կ՚ըսէր.- «Շատ բան չեմ ուզեր ըսել, որ չվնասեմ Ֆերարիին», եզրափակելով.- «Թող Ձիուն լոկօն այդ մեքենային վրայէն հանե՛ն»։
Լիւքա Տի Մոնթեզեմոլոյի այս յուզմունքը տեսնելով սիրտս մեծցաւ իրմով, եւ սկսայ մտածել.- ինչքան լօկօներ կան որոնք ինչ որ ժամանակ հարազատօրէն կ՚արտացոլէին իրենց ներկայացուցած ընկերութեան էութիւնը, եւ ժամանակի ընթացքին, հասնելով այսօրուան՝ ինչ ինչ պատճառներով կորսնցուցած կամ իմաստազրկուած են այնպէս՝ ինչպէս հզօր շարժակով Ֆերարին՝ իր իսկ վերահսկողներուն կողմէ. այնքա՛ն արժեզրկուած՝ որ Լիւքա Տի Մոնթեզեմոլոյի նման թասիպով սրտցաւ մարդիկ չունին, որ մերժեն այդ արժեզրկումը եւ չյանձնուին արժեզրկման բռնազբօսիկ... նորոյթին։
