image

Արկած ու ապա մահ. Յունահայ շրջանակներ կը սգան Բաբգէն Գասապեանի կորուստը

 Արկած ու ապա մահ. Յունահայ շրջանակներ կը սգան Բաբգէն Գասապեանի կորուստը

 Օրերս Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Բաբգէն Գասապեան։

Կը նշուի, որ համայնքին մէջ ազգային եւ կրթական գործունէութիւն ծաւալող   Բաբգէն Գասապեան (արմատներով՝ Հալէպէն)ասկէ ամիսներ առաջ քալած ատեն սայթաքած ու գետին ինկած էր. այդ պահուն ալ վնասած էր գլուխը, որուն պատճառով ալ մտած էր մահաքունի մէջ ու օրերս ալ իր առքերը յաւիտենութեան փակած։

 Ի դէպ այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Յունաստանի մեր աղբիւրներէն իսկ, Աթէնքի «Ազատ օր»էն, կը ներկայացնենք այս տխուր առթիւ հրապարակուած մահագրութիւնը։

 

 

Խոր ցաւով իմացանք, թէ երէկ՝ Երկուշաբթի, 19 Փետրուարին, իր աչքերը փակեց Հ.Կ.Խաչի «Ճէնազեան» միջնակարգ ազգ. վարժարանի նախկին տնօրէն եւ «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» ազգ. նախակրթարանի տնօրէն ընկ. Բաբգէն Գասապեան, երկարամսեայ ծանր հիւանդութենէ ետք։

Ճակատագիրի դառն դարձուածքի մը պահուն, դպրոցական տարեշրջանի վերամուտէն հազիւ մէկ քանի օր առաջ, ընկ. Բաբգէն ճամբուն մէջ քալած ժամանակ, արկած մը կ՚ունենայ ու գետին իյնալով ծանրօրէն կը վիրաւորուի գլուխէն։ Այս պատահարին պատճառով, այլեւս կապը կորսնցուցած ըլլալով շրջապատին հետ, ան երկար ամիսներ մնաց մահաթմբիրի մէջ։ Բոլորին յոյսն էր, թէ մեր սիրելի ընկերը պիտի վերագտնէր ինքզինք, սակայն բժիշկներուն կողմէն իսկ ոչ յուսալից նշանները լաւատեսութիւն չէին ներշնչեր։

Հանգուցեալը բարեկիրթ, հեզ ու խոնարհ նկարագիրի անձ մը եղաւ ու սիրուեցաւ բոլորին կողմէ։ Երկար տարիներ պաշտօնավարեց որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն մեր վարժարաններէն ներս, հասցնելով սերունդներ, որոնք յարգանք ու սէր տածեցին իրենց դաստիարակին հանդէպ։ Միաժամանակ, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի գործունէութեան։

Իր անժամանակ կորուստը խոր ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ իր ձեռքէն անցած բոլոր աշակերտներուն, գործակից ուսուցիչներուն, գաղութի ազգային ու կուսակցական կառոյցներուն եւ գաղափարի ընկերներուն։

Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Նէոս Գոզմոսի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ եւ մարմինը պիտի ամփոփուի Վիրոնայի գերեզմանատան մէջ։

Հոգեսուրճ՝ Վիրոնայի գերեզմանատունը։