Օրերս մեզմէ առ յաւէտ ժ բաժնուեցաւ Սարմէ Մինասեանը (Ծնեալ Պէյրութ 60 տարեկան)
Լիբանանի լայն հասարակութիւններուն ծանօթ անուն հանդիսացող Սարմէ Մինասեանի անուան ծանօթ են շատեր, յատկապէս անոնք, որ քիչ թէ շատ հետեւած են Պէյրութի հայկական ռատիօկայաններու կամ նոյնիսկ պատկերասփիւռի կայաններու առօրեային։
Հմուտ, անպատրաստից խօսքի, բարիկամեցողութեան եւ ի մասնաւորի ժպիտի մարդ էր Սարմէ Մինասեանը, որուն գործունէութիւնը ընթացք առած էր «Փարատայզ» ՝ «Դրախտի ձայն» ռատիօկայանէն, անցած պատկերասփիւռի ալիքով ու ապա հանգրուանած ու հաստատուծ ՝ «Ռատիօ Սեւան»էն ներս։
Ամէնօրեայ լուրերու սփռման աշխատանքին կողքին Սարմէ Մինասեանը հայաշխարհին ժպիտ բերող անձնաւորութիւն էր։
Սիրտ մը, որ կը բաբախէր հայութեան առօրեայով ու մասնաւորաբար հայերէն երգն գրաւիչ եւ բոլորին հասանելի դարձնելու կամեցողութեամբ։
Պէյրութի ամէնահեռաւոր բնակավայրերէն (ուր շատ մը պարագաներու հայախօսութիւնը կը բացակայի կամ մեծ հաշուով տուժած է) մինչեւ Երեւանի շէնշող փողոցները Սարմէ կարողացաւ դառնալ մշտական ներկայութիւն։
Այդ օրերուն էր նաեւ, որ «Ռատիօ Սեւան»ը հասանելի էր Երեւանի մէջ ու շատ մը պարագաներու ան իր ժիր եւ դրական լիցք հաղորդող ձայնին շնորհիւ դարձաւ շատ-շատերու սիրելին։
Պարզութեան մէջ իւրայատուկ եւ անկեղծութեան մէջ առաջատար Սարմէ Մինասեանի վերջին տարիներու կեանքը եղաւ ցաւերու ու տագնապներու կեանք։
Ան բռնուեցաւ ծանր հիւանդութիւնէն մը, որուն համար ինք անձնապէս ու զինք միշտ սիրողներն ու յարգողները պայքարեցան մէկ մարդու նման փրկելու համար իրենց թանկագին Սարմէիյի կեանքը։
Դժուար ու տանչալի էր ճանապարհը, որու աւարտին ալ կը պատահէր անխուսափելին ու Սարմէն իր աչքերը յաւերժին կը փակէր օրեր առաջ տխրութեան ու ցաւի ալիք մը ստեղծելով լիբանանահայերէն շատերու հոգիներուն մէջ։
Սարմէ, որուն համար գերագոյն արժէք էր իր մեծ ու փոքր ընտանիքին բարօրութիւնը կարողացաւ միայն ամիսներ առաջ ներկայ գտնուիլ իր աւագ դստեր՝ Սարինի պսակադրութեան խորհուրդին, այդպիսով ալ բաւարարուած ու գոհ աչքերով հեռանալով մեր աշխարհէն։
Սարմէ Մինասեանի անունը միշտ ալ պիտի յիշուի, որպէս «եթեր»ի մարդ ու իր գործին հանդէպ մեծ բծախնդրութիւն ցուցաբերած նուիրեալ հայուհի։
Յիշատակը անթառամ՝ Սարմէ Մինասեանին եւ խորին ցաւակցութիւններ իր ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ գործընկերներուն։