Քիչ առաջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալած է Արցախի «Միացեալ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահան Բադասեանը: Այս մասին Հանրապետութեան հրապարակէն «Հայահաւաքի» ժամանակ յայտարարած է Արշակ Զաքարեանը:
«Այսօր Եռաբլուրում յայտարարութեան համար, որը հնչել է մօտաւորապէս այսպէս՝ «դաւաճանը պէտք է պատժուի եւ ձերբակալուի», այդ յայտարարութեան պատճառով ԱԱԾ կողմէ ձերբակալուած է Վահան Բադասեանը»,- ըսած է Արշակ Զաքարեանը:
Նշենք, որ Հայոց բանակի կազմաւորման 29-ամեակի առթիւ այսօր Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելած էր նաեւ Վահան Բադասեանը: Վերջինս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ առաջին հերթին պէտք է ազատիլ բանակի գլխաւոր հրամանատարէն, որովհետեւ ան այլեւս պարտութեան սիմպոլ է, իսկ մեր բանակը պարտուած չէ։ Լրագրողի հարցին, թէ Փաշինեանը հեռացնելու ի՞նչ ճանապարհ կայ, Վահան Բադասեանը պատասխանած էր.
«Տարբեր, ընդհուպ՝ մինչեւ ֆիզիքապէս հեռացնելը, դա ենթադրում է, որ թշնամուն պէտք է վերացնենք, ընդհուպ՝ զէնքի միջոցով: Ես սպառնալիքի կոչեր եմ անում, գիտակցաբար եմ անում, թող ԱԱԾ-ն ինձ ձերբակալի: Թշնամին ենթակայ է ոչնչացման, եւ դա անհատները պէտք է անեն, մէկը՝ ես՝ պատրաստ եմ: Մենք պէտք է երկիրը մաքրենք թշնամուց, յետոյ նոր միւս հարցերը լուծենք»: