image

Դէպի Ուքրանիա թրքական զէնքի արտահանումը կը շարունակուի

Դէպի Ուքրանիա  թրքական զէնքի  արտահանումը  կը շարունակուի

Ուքրանիան 2022 թուականի առաջին եռամսեակին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ Թուրքիայէն 30 անգամ աւելի շատ զէնք ստացած է:

Այս մասին յայտնի դարձած է Թուրքիոյ արտահանողներու խորհուրդին հրապարակած տուեալներէն: Ըստ այդմ` Թուրքիան 2022-ին Ուքրանիա արտահանած է 59,1 միլիոն տոլարի զէնք-զինամթերք` 2021 թուականի առաջին եռամսեակի 1,9 միլիոն տոլարի դիմաց: 

Կը նշուի, որ վերջին տարիներուն Ուքրանիան թրքական «Baykar Makina» ընկերութենէն գնած է աւելի քան 20 «Bayraktar TB2» հարուածային անօդաչու թռչող սարք եւ Յունուարի վերջը պատուիրած եւս 16-ը: Այս խմբաքանակը առաքուած է Մարտի սկիզբը: 

Ըստ հրապարակուած տուեալներու` Անգարայի ընդհանուր պաշտպանական արտահանումը առաջին եռամսեակին, նախորդ տարուայ համեմատ աճած է 48.6%-ով: Թուրքիան 2021 թուականին արտահանած է 3,224 միլիառ տոլարի պաշտպանական արտադրանք` 41,5 տոկոսով աւելի, քան 2020 թուականին: