Ռուսիան եւ Ուքրանիան կը շարունակեն փոխադարձ հարուածները։ Լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ Ուքրանիոյ մէջ հրթիռակոծուած են շարք մը խոշոր քաղաքներ։ Զափորոժիէի մէջ մեծ հրդեհ բռնկած է։ Օտեսա քաղաքին եւ Օտեսայի մարզին մէջ հարուածի տակ յայտնուած են նաւահանգստային ենթակառոյցները եւ բնակելի համալիրը։ Կրիւոյ Ռոկի մէջ հարուածուած է արդիւնաբերական ձեռնարկութիւն մը։
Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ այս գիշեր հակաօդային պաշտպանութեան հերթապահ ուժերը որսացած եւ ոչնչացուցած են ուքրանական 230 անօդաչու թռչող սարք։ Անօդաչուները խոցուած են Աստրախանի, Պելկորոտի, Պրեանսկի, Վոլկոկրատի, Վորոնեժի, Քուրսքի, Լիպեցքի, Օրիոլի, Փենզայի, Ռոստովի, Սամարայի եւ Սարատովի մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Խրիմի, Ազովի եւ Սեւ ծովերու ջուրերուն վերեւ։
Լրատուամիջոցները նաեւ յայտնած են, որ Ռոստովի մարզի Թականրոկ քաղաքին մէջ շարք մը պայթումներ որոտացած են։ Ապա քաղաքին մէջ հրդեհներ բռնկած են։