image

Ուքրանիան պատրաստ է հրադադարի, բայց...

Ուքրանիան պատրաստ է հրադադարի, բայց...

Մենք պատրաստ ենք ուժանիւթային հրադադարի, բայց պէտք է հասկնաք, թէ այդ մէկը մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ, այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։

«Փութինի համար ուժանիւթը նաւթ եւ կազ վաճառելն է։

Մեզի համար ուժանիւթը մեր ժողովուրդը ելեկտրականութեամբ ապահովելն է», նշած է ան։

Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Ուքրանիան եւ Ռուսիան համաձայնած են չհարուածել կարեւոր ուժանիւթային ենթակառոյցները։