Արցախի մէջ 31 դեկտեմբերին վիրաւորուած ժամկէտային զինծառայող Գարիկ Վարդանեանին վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր: Այս մասին կը հաղորդէ «NEWS.am», վկայակոչելով ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանի յայտարարութիւնը:
Գարիկ Վարդանեան կը գտնուի ՀՀ ՊՆ կեդրոնական առողջարանային զինուորական հիւանդանոցը: Ժամկէտային զինծառայողը մահաքունի մէջ է:
Յիշեցնենք, որ 31 Դեկտեմբերին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ հրադադարի ռեժիմը խախտելու հետեւանքով ծանր հրազինային վնասուածք ստացած էր Արցախի պաշտպանութեան բանակի ժամկէտային զինծառայող Գարիկ Վարդանեան։ Քանի մը ժամ անց ան Ստեփանակերտի հիւանդանոցէն ուղղաթիռով տեղափոխուած էր Երեւան: