image

Դեկտեմբեր 31-ին վիրաւորուած զինծառայողի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր

Դեկտեմբեր 31-ին վիրաւորուած զինծառայողի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր

Արցախի մէջ 31 դեկտեմբերին վիրաւորուած ժամկէտային զինծառայող Գարիկ Վարդանեանին վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր: Այս մասին կը հաղորդէ «NEWS.am», վկայակոչելով ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանի յայտարարութիւնը:

Գարիկ Վարդանեան կը գտնուի ՀՀ ՊՆ կեդրոնական առողջարանային զինուորական հիւանդանոցը: Ժամկէտային զինծառայողը մահաքունի մէջ է:

Յիշեցնենք, որ 31 Դեկտեմբերին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ հրադադարի ռեժիմը խախտելու հետեւանքով ծանր հրազինային վնասուածք  ստացած էր Արցախի պաշտպանութեան բանակի ժամկէտային զինծառայող Գարիկ Վարդանեան։ Քանի մը ժամ անց ան Ստեփանակերտի հիւանդանոցէն ուղղաթիռով տեղափոխուած էր  Երեւան: