image

Դաշնակցական Երիտասարդներ Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ Սումկայիթի Ջարդերը Լուսաբանող Հաւաքներ Ըրին

Դաշնակցական  Երիտասարդներ  Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ  Սումկայիթի Ջարդերը Լուսաբանող  Հաւաքներ Ըրին

Սում­կա­յի­թի, ­Պա­քո­ւի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ 1988- ի ­Փետ­րո­ւա­րին, հա­յու­թեան դէմ ա­զե­րիա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու պատ­մա­կան  ճշմար­տու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տե­լու եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դը տե­ղե­կաց­նե­լու ե­ռօ­րեայ ար­շա­ւի մը ձեռ­նար­կած է Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը։Ա­թէն­քի ­Քո­րա­յի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­րիս­թո­թե­լուս հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ զե­տե­ղո­ւե­ցան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան տա­ղա­ւար­ներ, ուր Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը ժո­ղո­վուր­դը կ­‘ի­րա­զե­կեն պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թեանց մա­սին, բա­ցա­յայ­տե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան մե­քե­նա­յի յայտ­նի մար­տա­վա­րու­թիւ­նը, որ սու­տե­րով ու կեղ­ծի­քով կը փոր­ձէ ճշմար­տու­թիւ­նը այ­լա­փո­խել եւ յան­ցա­գոր­ծը՝ որ­պէս տու­ժող ներ­կա­յաց­նել։Ուր­բաթ 26 ­Փետ­րո­ւա­րէն մին­չեւ ­Կի­րա­կի 28 ­Փետ­րո­ւար, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ բազ­մա­թիւ ժո­ղո­վուրդ ան­ցաւ կրպա­կէն, տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լով ­Սում­կա­յի­թի ջար­դե­րուն մա­սին։Շա­բաթ գի­շեր տա­ղա­ւա­րը այ­ցե­լեց ­Նոր ­Հան­րա­պե­տու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան, նախ­կին փոխ նա­խա­րար ­Գոս­թաս ­Կիւ­լե­քաս, զօ­րա­վիգ ու քա­ջա­լեր հան­դի­սա­նա­լով հա­յու­թեան պայ­քա­րին։ Ա­թէն­քի մէջ ­Կի­րա­կի 28 ­Փետ­րո­ւա­րէն մին­չեւ Ե­րեք­շաբ­թի 1 ­Մար­տի գի­շե­րը պի­տի եր­կա­րի տա­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­շա­ւը։ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ­նե­րը բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կու­տան ան­ցորդ­նե­րուն, ո­րոնք լու­սան­կար­նե­րու եւ յատ­կա­պէս պատ­րաս­տո­ւած գրքոյ­կի մը մի­ջո­ցաւ, տե­ղեակ կը պա­հո­ւին պատ­մա­կան ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը այս ա­ռի­թով, յու­նա­րէն լե­զո­ւով 12 էջ­նոց պրակ մը պատ­րաս­տած է, ­Խո­ճա­լո­ւի ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն շուրջ ա­զե­րիա­կան քա­րոզ­չու­թիւ­նը տա­պա­լե­լով եւ ի­րա­կան փաս­տե­րուն վրայ լոյս սփռե­լով։ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ե­ռօ­րեայ այս ար­շա­ւը շատ կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն է, որ բո­ղո­քի ե­լոյթ­նե­րու եւ ան­ցեա­լին կա­տա­րո­ւած ցոյ­ցե­րու կող­քին, քա­րոզ­չա­կան ու դաս­տիա­րակ­չա­կան ե­զա­կի բնոյթ կը կրէ, ա­զե­րիա­կան մո­լե­ռան­դու­թիւ­նը ցոյց տա­լով, եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դը զգաս­տաց­նե­լով։