Սումկայիթի, Պաքուի եւ այլ շրջաններու մէջ 1988- ի Փետրուարին, հայութեան դէմ ազերիական ոճրագործութիւններու պատմական ճշմարտութիւնը բացայայտելու եւ յոյն ժողովուրդը տեղեկացնելու եռօրեայ արշաւի մը ձեռնարկած է Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը։Աթէնքի Քորայի եւ Թեսաղոնիկէի Արիսթոթելուս հրապարակներուն վրայ զետեղուեցան տեղեկատուական տաղաւարներ, ուր Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամները ժողովուրդը կ‘իրազեկեն պատմական իրադարձութեանց մասին, բացայայտելով Ատրպէյճանի պետական մեքենայի յայտնի մարտավարութիւնը, որ սուտերով ու կեղծիքով կը փորձէ ճշմարտութիւնը այլափոխել եւ յանցագործը՝ որպէս տուժող ներկայացնել։Ուրբաթ 26 Փետրուարէն մինչեւ Կիրակի 28 Փետրուար, Թեսաղոնիկէի մէջ բազմաթիւ ժողովուրդ անցաւ կրպակէն, տեղեկութիւններ քաղելով Սումկայիթի ջարդերուն մասին։Շաբաթ գիշեր տաղաւարը այցելեց Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան երեսփոխան, նախկին փոխ նախարար Գոսթաս Կիւլեքաս, զօրավիգ ու քաջալեր հանդիսանալով հայութեան պայքարին։ Աթէնքի մէջ Կիրակի 28 Փետրուարէն մինչեւ Երեքշաբթի 1 Մարտի գիշերը պիտի երկարի տաղեկատուական արշաւը։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի անդամները բացատրութիւններ կուտան անցորդներուն, որոնք լուսանկարներու եւ յատկապէս պատրաստուած գրքոյկի մը միջոցաւ, տեղեակ կը պահուին պատմական եղելութիւններուն մասին։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը այս առիթով, յունարէն լեզուով 12 էջնոց պրակ մը պատրաստած է, Խոճալուի եղելութիւններուն շուրջ ազերիական քարոզչութիւնը տապալելով եւ իրական փաստերուն վրայ լոյս սփռելով։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան եռօրեայ այս արշաւը շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, որ բողոքի ելոյթներու եւ անցեալին կատարուած ցոյցերու կողքին, քարոզչական ու դաստիարակչական եզակի բնոյթ կը կրէ, ազերիական մոլեռանդութիւնը ցոյց տալով, եւ յոյն ժողովուրդը զգաստացնելով։