image

Դամասկոսի մէջ նշած են Թեմի Առաջնորդի գահակալման 15-րդ տարեդարձը (Լուսանկարներ)

Դամասկոսի մէջ նշած են Թեմի Առաջնորդի գահակալման 15-րդ տարեդարձը (Լուսանկարներ)

Երէկ Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Թեմի պատասխանատուները, թեմական ժողովի անդամները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, տիկնանց միութիւնը եւ յարակից մարմինները նշած են թեմակալ առաջնորդ Տէր Արմաշ Եպիսկոպոս Նալպանտեանի Առաջնորդ ընտրութեան 15-րդ տարեդարձը: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրի պաշտօնական էջը:

Յիշեցնենք, որ Հալէպի ծնունդ Արմաշ սրբազանը անցնող 15 տարիներուն մշտական ներկայութիւն հանդիսացաւ Դամասկոսի թեմէն ներս: Ան մասնաւորապէս Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին կարեւոր ներդրում ունեցաւ եւ իր բոլոր միջոցները ծառայեցուց յանուն սուրիահայութեան եւ յատկապէս Դամասկոսի համայնքի պաշտպանութեան:

«Արեւելք» այս առիթով իր սրտագին մաղթանքները կը փոխանցէ Առաջնորդ սրբազանին: