image

Coca Cola-ի շիշերուն վրայ պիտի պատկերուին հայկական պատմամշակութային արժէք ունեցող յուշարձաններ

Coca Cola-ի շիշերուն վրայ պիտի պատկերուին հայկական պատմամշակութային արժէք ունեցող յուշարձաններ

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ «Կոկա­կոլա հելլէնիկ բոթլինգ քամփնի Արմենիա»-­ի (Coca Cola hellenik bottling company Armenia) միջեւ Սեպտեմբեր 23-­ին ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, ըստ որուն` Coca Cola-ի շիշերուն վրայ պիտի պատկերուին հայկական պատմամշակութային բարձր արժէք ներկայացնող յուշարձաններ: Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մէջ:

«Այս թողարկումը կը լինի Coca Cola-­ի`Հայաստանում 20-­ամեայ գործունէութեան կապակցութեամբ: Նման քայլով հանրահռչակուելու է մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը»,-­ «Արմենփրես»-­ի փոխանցմամբ` նշած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր­ Վարդանեանը:

Համագործակցութեան ծիրէն ներս տուեալ արտադրանքի վաճառքէն ստացուած գումարի որոշ մասը Coca Cola-ն պիտի տրամադրէ պատմամշակութային կոթողներու պահպանման ու վերականգման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման:

«Մենք արդէն քսան տարի հայկական շուկայի մէջ ենք եւ մեզի հայ պատմութեան մաս կը համարենք: Ծրագիրը մեր կազմակերպութիւնը կը կապէ դարաւոր պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող երկրի մը հետ: Անիկա կրնայ օգնել մեր գործունէութեան եւ նպաստել Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման»,- ­ընդգծած է «Կոկա­կոլա հելլէնիկ բոթլինգ քամփնի Արմէնիա»-­ի գլխաւոր տնօրէն Սայորա Այուպովան:

Պայմանագրի ժամկէտը կախուած է արտադրանքի վաճառքէն եւ պահանջարկէն: Coca Cola-ն նման համաշխարհային նախագիծեր շատոնց է կ՛իրականացնէ` համագործակցելով տարբեր երկիրներու նախարարութիւններու հետ: