image

«Բոլոր ուղղութիւններով անցնող ճանապարհները անխուսափելիօրէն կը հատուին Աֆղանիստանի մէջ»

«Բոլոր ուղղութիւններով անցնող ճանապարհները անխուսափելիօրէն կը հատուին Աֆղանիստանի մէջ»

-Ձեր կարծիքով՝ Թալիպանը վտանգ կը համարուի՞ Չինաստանի, Ռուսաստանի ու Իրանի համար։ Եթէ այո, ինչո՞ւ։

Այս հարցին յստակ պատասխան թերեւս չկայ: Եթէ կայ տեսակէտ, որ Թալիպանը վտանգ կը ներկայացնէ կամ չի ներկայացներ վերոնշեալ երկիրներուն համար, ուրեմն պէտք է գործնականօրէն՝ թէ՛ յայտարարութիւններով եւ թէ գործողութիւններով ատիկա ապացուցուի: Յամենայնդէպս, այս փուլին, նշուած երկիրները կը փորձեն (որոշ երկիրներ երբեք չեն դադրած այս կամ այն առումով առընչուիլ եւ խօսիլ Թալիպանի հետ) երկխօսութիւններ ու հանդիպումներ ունենալ շարժման ներկայացուցիչներուն հետ: Այս ամէնը բնականաբար տեղի կ՚ունենայ հնարաւոր վտանգները եթէ ոչ ամբողջութեամբ չէզոքացնելու, ապա գոնէ կառավարելու համար: Վտանգ ներկայացնելու կամ չներկայացնելու հանգամանքները, կը կարծեմ պէտք չէ դիտարկել կայուն կերպով: Յամենայնդէպս, Թալիպանի ներկայացուցիչները բազմիցս նշած են, որ արտաքին աշխարհի համար անոնք վտանգ չեն ներկայացներ եւ նպատակ չունին Աֆղանիստանի տարածքէն դուրս ինչ-ինչ գործունէութիւն ծաւալել: Ի հարկէ, հաշուի առնելով Թալիպանի անցեալը, շատ բնական է, երբ վտանգներու առումով մտահոգութիւններ կը հնչեն:

 

 

 

 

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի գիտաշխատող Վահէ Պոյաճեան, որ Աֆղանիստանի յայտնի մասնագէտ մըն է, առկայ իրադրութեան շուրջ ունի հետեւեալ դիտարկումները։

*

-Պր. Պոյաճեան, ուրկէ կրնանք սկսիլ, որպէսզի մեր ընթերցողները կարողանան առնուազն տեղեկացուած ըլլալ, թէ ովքե՞ր են Թալիպները, ուրկէ՞ կու գան եւ ի վերջոյ ի՞նչ է անոնց հեռահար նպատակը։

27 տարի առաջ Աֆղանիստան ի յայտ եկած այս ուժի մասին առկայ է ահռելի ծաւալուն նիւթ՝ սկսեալ հանրամատչելի տեղեկանքային բնոյթ ունեցող հրապարակումներէն մինչեւ լուրջ ակադեմեմական աշխատութիւններ: Տեղեկատուութեան մատչելիութեան ներկայ փուլին, կը կարծեմ, որ հետաքրքրուողներուն համար բարդ չէ ստանալ տարաբնոյթ հարցերու պատասխաններ: Այնուհանդերձ, ես կը փորձեմ հակիրճ ներկայացնել Թալիպներու եւ Թալիպան շարժման ձեւաւորման եւ անոնց նպատակներուն վերաբերեալ որոշակի պատկեր՝ շեշտադրելով, իմ կարծիքով, որոշ անկիւնաքարային պահեր:

1989 թուականի փետրուարին, խորհրդային զօրքերու Աֆղանիստանէն վերջնականապէս դուրս գալու պահէն սկսեալ, այդ երկրի քաղաքացիական պատերազմը իր տարաբնոյթ դրսեւորումներով նոր թափ ստացաւ: Կարելի է ըսել, որ Թալիպներու ի յայտ գալն ու գործունէութիւնը հետեւանքն է այդ քաղաքացիական պատերազմին: Չնայած այն հանգամանքին, որ Խորհրդային Միութեան դէմ Աֆղանիստանի մէջ պայքարող ուժերը յայտնի են ընդհանրական «միւճահէտ/միւճահիտին» անունով, այնուհանդերձ անոնց բազմազանութիւնն ու հատուածականութիւնը, հետապնդած նպատակներն ու անոնց հասնելու գործիքները նախորդ դարու 90-ականներու սկիզբին Աֆղանիստանի մէջ ստեղծած էին այնպիսի վիճակ մը, որու համար քաոս բառը չափազանց մեղմ բնութագրիչ մըն է: Միւճահիտներու խմբաւորումներու ու վերոնշեալ քաոսի պայմաններուն աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցող քաղաքական-ռազմական դէմքերուն մէջ թերեւս կ՚արժէ նշել նախագահ՝ ազգութեամբ տաճիկ Պուրհանուտտին Ռապպանին, ազգութեամբ փաշթուն՝ Ղալճայ ցեղային համադաշնութենէն՝ Կալպետտին Հիքմեթիարը, ազգութեամբ էօզպեք՝ Ռաշիտ Տոսթումը, ազգութեամբ տաճիկ՝ Իսմայիլ Խանը եւ ազգութեամբ տաճիկ հռչակաւոր՝ Ահմէտ Շահ Մասուտի անունները: Այստեղ պէտք է հաշուի առնել կարեւոր հանգամանք մը, 1992 թուականին մայրաքաղաք Քապուլի գրաւումը միւճահիտներու կողմէն բազմաթիւ առումներով նախորոշեց Աֆղանիստանի քաղաքական ու ռազմական յետագայ իրադարձութիւններու՝ այլ խօսքով՝ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքը: Այն հանգամանքը, որ Քապուլը ինկաւ ոչ թէ միւճահիտներու՝ այսպէս կոչուած «փաշթուն»ական լաւ զինուած եւ փաքիստանեան Փեշաուր տեղակայուած հաւաքական թեւի հարուածներէն, այլ աւելի միասնական ու կազմակերպուած տաճկական ուժերու յաղթարշաւէն՝ Ռապպանիի, Ահմէտ Շահ Մասուտի, նաեւ Ռաշիտ Տոսթումի (ապագայ «Հիւսիային դաշինք») գլխաւորութեամբ, նշանային լիցք ունի: Փաշթուններու համար այդ մէկը հոգեբանական ծանր հարուած մըն էր, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, անոնք կը կորսնցնէին մայրաքաղաքի իշխանութիւնը: Քաղաքացիական պատերազմի պայմանական սկիզբ կարելի է համարել այն պահը, երբ անմիջապէս, Հիքմաթեարը փորձելով համախմբել փաշթունական խմբաւորումները պաշարեց Քապուլը:

Փաստօրէն, այդ ժամանակամիջոցին Աֆղանիստանի մէջ վերստին կը սրուէր փաշթուն - ոչ փաշթուն հակադրութիւնը մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէն կրկին գլուխ կը բարձրացնէր մէկ այլ՝ ոչ պակաս հակադրութիւն: Խօսքը ներփաշթունական, մասնաւորապէս երկու յայտնի ցեղային համադաշնութիւններու՝ Տուրրանիներու եւ Ղալճայներու անհաշտ մրցակցութեան մասին է: Այս առումով ուշադրութեան արժանի է այն հանգամանքը, որ Փաքիստանի իշխանութիւնները ռազմաքաղաքական օժանդակութիւն կը ցուցաբերէին փաքիստանեան Փեշաուրի եւ աֆղանիստանեան Ճալալապատի մէջ լայն ցանց ստեղծած ղալճայական թեւին՝ Հիքմեթիարի գլխաւորութեամբ, ինչ որ բնականաբար դժգոհութիւն կը յառաջացնէր Աֆղանիստանի հարաւը՝ Տուրրանի համադաշնութեան փաշթուններուն մօտ, որոնք ամբողջութեամբ կը վերահսկէին Աֆղանիստանի երկրորդ մեծ քաղաքը՝ Գանտահարը:

Այս քաոսային իրավիճակին մէջ, երբ որեւէ ձեւով տեղի չէր ունենար համափաշթունական միասնութիւն, հարաւային Աֆղանիստանը յայտնուած էր տեղական ցեղային ու տոհմային ռազմական առաջնորդներու հակառակութիւններուն մէջ:

Փաշթուն միւճահիտներէն շատերը, յաղթելով պայքարը Խորհրդային Միութեան դրածոյ նախագահ՝ Նաճիպուլլայի դէմ, կը վերադառնային իրենց տուները կամ մետրեսէներ՝ կրօնական դպրոցները՝ Գանտահար եւ փաքիստանեան ՊալոՃիստան նահանգի մայրաքաղաքը՝ Քուէթթա (Քուէթթայի «շուրան»՝ խորհուրդը ապագային դարձաւ Թալիպանի թերեւս ամենանշանակալից կեդրոնը) շարունակելու ուսումը: Անոնց կարգին էին յետագային Թալիպան շարժման առաջնորդներ՝ մոլլաներ Օմարը, Ղաուսը, Մուհամմէտ Ռապպանին, Հասանը, Մուհամմէտ Ապպասը եւ այլք: Հիասթափուած ներփաշթունական վէճերէն ու Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ձախողած միւճահիտներու առաջնորդներէն՝ վերջիններս համախմբուեցան Մոլլա Օմարի շուրջ: Առանձնացնելով զիրենք միւճահիտներու քաղաքականութենէն, այս մարդիկ, որոնք մասամբ կամ ամբողջութեամբ դեռ չէին աւարտած ուսումը մետրեսէներուն մէջ, բնականօրէն իրենք զիրենք կ՚անուանէին «թալիպ» (արաբերէն ուսանող), իսկ նոր ձեւաւորուող խմբաւորման կամ շարժման համար ընտրեցին Թալիպան («Թալիպ»ներ) անուանումը:

Ինչ կը վերաբերի Թալիպանի նպատակներուն, կը կարծեմ, որ մինչեւ օրս չեն փոխուած: Այն ծրագիրը, որ հռչակուած էր երկար քննարկումներէն յետոյ 1993-1994-ին, կը շարունակէ մնալ արդիական. հաստատել խաղաղութիւն, զինաթափել բնակչութիւնը, հաստատել շերիաթի՝ իսլամական օրէնքներ, պահպանել Աֆղանիստանի իսլամական ժառանգութիւնն ու բնոյթը: Այլ հարց է, որ ժամանակի ընթացքին այդ նպատակներուն հասնելու մեթոտներն ու գործիքները տարաբնոյթ փոփոխութիւններ կրած են:

 

-Թալիպան շարժումի խօսնակը օրերս յայտարարեց, որ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի մարդիկ չլքեն Աֆղանիստանը, վստահեցնելով նաեւ, որ Թալիպները այսօր նոյնը չեն, ինչ էին քսան տարի առաջ։ Վստահելի՞ է այս խօսքը։ Թալիպան շարժումի մասին ամենատարբեր մակարդակի վերլուծումներու ականատես կը դառնանք, յաճախ ուռճացուած եւ երբեմն ալ շատ նախնական: Դուք ինչպէ՞ս կ՚ընկալէք Թալիպան շարժումի գործողութիւնները։

Կը կարծեմ, որ վստահելի ըլլալու կամ չըլլալու մասին այս հարցադրումը որքան որ բնական եւ բարոյական է, նոյնքան եւ համապատսխան չէ այս փուլին: Ի հարկէ, Թալիպանը այսօր 20-25 տարուայ վաղեմութեան շարժումը կամ ուժը չէ այլեւս, սկսեալ կառուցուածքայինէն մինչեւ կազմակերպչական, քաղաքական, ռազմական, ընկերային ու տնտեսական հարցերը, ինչպէս նաեւ շարժման անդամներու բազմատարրութենէն՝ Թալիպանը կտրուկ փոփոխութիւններ արձանագրած է: Ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի մեթոտներ ու գործիքներ կ՚օգտագործեն շարժման ներկայ առաջնորդները, Աֆղանիստանին, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանին համար կարեւոր, անվտանգութեան տեսակէտէն բաւական սուր, նաեւ «հետաքրքրական» այս փուլին:

Ինչ կը վերաբերի Թալիպանի մասին ձեր նշած վերլուծութիւններուն, տեղեկատուական այս դարուն եւ այս պայմաննրուն իւրաքանչիւրը ազատ է ձեւաւորելու սեփական կարծիքն ու արտադրել որոշակի նիւթ: Ես ինծի իրաւունք չեմ տար ո՛չ բնորոշելու եւ ո՛չ ալ գնահատելու այդ վերլուծութիւնները:

Այսօրուայ Թալիպանը ընկալելու համար, առկախ այդ ընկալման ճիշդ կամ սխալ ըլլալէն, պէտք է շեշտեմ, որ կարիք կայ հետեւողական եւ շարունակական բնոյթի մօտեցման: Ատիկա թոյլ կու տայ նախ աւելի ամբողջական պատկերացում ունենալ: Երկրորդ՝ երբ Թալիպանի գործունէութեան, սկսեալ սկզբնաւորման պահէն, նայինք յարաշարժ հայեացքով, բազմաթիւ փոփոխութիւններու ականատեսը կ՚ըլլանք: Կրնամ տալ ընդամէնը մէկ օրինակ, որ իր բոլոր հետեւանքներով, կը կարծեմ շատ հարցերու պատասխաններ կու տայ:

Շարժման սկզբնաւորման եւ գործունէութեան առաջին փուլին ընթացքին, Թալիպանի կորիզը կը կազմէին հիմնականին մէջ փաքիստանեան մետրեսէները՝ կրօնական դպրոցներ կրթութիւն ստացող կամ ստացած ուսանողները, որոնց ընտանիքները Խորհրդային Միութեան բռնագրաւումի ընթացքին լքած էին Աֆղանիստանը՝ ապաստան գտնելով հարեւան պետութեան՝ փաշթունաբնակ շրջանները (բուն Փաշթունիստան կամ Փախթունիստան, Փեշաուր, Քուէթթա, եւ այլն): Անոնցմէ շատերը, ծնած ըլլալով Աֆղանիստանէն դուրս, նոյնիսկ պատկերացում չունէին այդ երկրի մասին: 25 տարուայ ընթացքին, սակայն, ամբողջ սերունդ մը ծնած եւ մեծցած է արդէն Աֆղանիստան. այսինքն՝ այսօրուայ Թալիպները բնականօրէն Աֆղանիստանի բնակչութեան օրկանական մասը կը կազմեն իրենց ընտանիքներով, իրենց ունեցուածքով, իրենց ցեղային յարաբերութիւններու բարդ ու հակասական ցանցով, եւ այլն: Բազմաթիւ տեղեկատուական նիւթեր, ուր շատ յաճախ քօղարկուած կը հրամցուի այն թեզը, թէ Թալիպները՝ իբր Աֆղանիստանի «մարմնի» վրայ օտար տարր են, չի համապատասխաներ իրականութեան:

Կը կարծեմ, որ այսօր Թալիպանը պէտք է դիտարկել որպէս Աֆղանիստանի մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ տարբեր խումբերու, կուսակցութիւններու եւ խմբաւորումներու շարքին՝ քաղաքացիական շարունակական պատերազմի այս փուլին իշխանութիւնը «վերցուցած» ուժ՝ իր ղեկավար կազմով, փորձառու քաղաքական գործիչներով եւ կազմակերպուած տեղական բջիջներով: Միայն այն փաստը, որ կայծակնային արագութեամբ, առանց որեւէ նշանակալից ճակատամարտի, կարելի է ըսել առանց որեւէ դիմադրութեան հանդիպելու, Թալիպանը վերահսկողութեան տակ առաւ գրեթէ ողջ Աֆղանիստանը, ինքնին խօսուն է:

 

-Ձեր կարծիքով՝ Թալիպանը վտանգ կը համարուի՞ Չինաստանի, Ռուսաստանի ու Իրանի համար։ Եթէ այո, ինչո՞ւ։

Այս հարցին յստակ պատասխան թերեւս չկայ: Եթէ կայ տեսակէտ, որ Թալիպանը վտանգ կը ներկայացնէ կամ չի ներկայացներ վերոնշեալ երկիրներուն համար, ուրեմն պէտք է գործնականօրէն՝ թէ՛ յայտարարութիւններով եւ թէ գործողութիւններով ատիկա ապացուցուի: Յամենայնդէպս, այս փուլին, նշուած երկիրները կը փորձեն (որոշ երկիրներ երբեք չեն դադրած այս կամ այն առումով առընչուիլ եւ խօսիլ Թալիպանի հետ) երկխօսութիւններ ու հանդիպումներ ունենալ շարժման ներկայացուցիչներուն հետ: Այս ամէնը բնականաբար տեղի կ՚ունենայ հնարաւոր վտանգները եթէ ոչ ամբողջութեամբ չէզոքացնելու, ապա գոնէ կառավարելու համար: Վտանգ ներկայացնելու կամ չներկայացնելու հանգամանքները, կը կարծեմ պէտք չէ դիտարկել կայուն կերպով: Յամենայնդէպս, Թալիպանի ներկայացուցիչները բազմիցս նշած են, որ արտաքին աշխարհի համար անոնք վտանգ չեն ներկայացներ եւ նպատակ չունին Աֆղանիստանի տարածքէն դուրս ինչ-ինչ գործունէութիւն ծաւալել: Ի հարկէ, հաշուի առնելով Թալիպանի անցեալը, շատ բնական է, երբ վտանգներու առումով մտահոգութիւններ կը հնչեն:

 

-Ի վերջոյ աշխարհը՝ միջազգային հանրութիւնը պիտի ընդունի՞ Թալիպան շարժումի օրինականութիւնը:

Աւելի շատ կը հակիմ կարծելու, որ միջազգային հանրութիւնը ինչ որ պահ կ՚ընդունի օրինականութիւնը: Այս պահուն, ի հարկէ, շարք մը երկիրներ (Մեծն Բրիտանիա, Գանատա) պաշտօնապէս յայտարարած են, որ պէտք չէ ընդունիլ Թալիպանը որպէս Աֆղանիստանի իշխանութիւն: Շատ բան կախուած է Թալիպանէն. անոնք մէկ անգամ արդէն եղած են այսպիսի իրավիճակի մէջ, ուստի կը կարծեմ, որ միջազգային ասպարէզով այս անգամ այլ քաղաքականութիւն կ՚որդեգրեն:

 

-Ի՞նչ են պատճառները, որ Աֆղանիստանը երկար տարիներէ ի վեր ուշադրութեան կեդրոն համարուած է, սկսեալ Խորհրդային կայսրութենէն եւ հասնելով մեր օրերը, երբ ԱՄՆ դարձաւ գլխաւոր «խաղացող»ը Աֆղանիստանի մէջ։

Աֆղանիստանը, իսկ աւելի ճիշդը՝ Աֆղանիստանի աշխարհագրական դիրքը, ուշադրութեան կեդրոն համարուած է շատ աւելի առաջ, քան Խորհրդային Միութեան կամ Միացեալ Նահանգներու՝ «խաղի» մէջ մտնելը: Ան միշտ եղած է հարեւան թագաւորութիւններու եւ կայսրութիւններու, 20-րդ դարու ժամանակակից տարածքաշրջանային տէրութիւններու, արտատարածքաշրջանային գերտէրութիւններու մրցակցութեան եւ յարաբերութիւններու պարզման կիզակէտը: Այսօր շատ կը խօսուի տարաբնոյթ՝ երկրի չորս ծագերու անուանումներէն կազմուած միջանցնքերու մասին: Նայելով Աֆղանիստանի տեղադրութեան քարտէսին վրայ, պարզ կ՚երեւի, որ բոլոր ուղղութիւններով անցնող ճանապարհները անխուսափելիօրէն կը հատուին Աֆղանիստան: Ինչ կը վերաբերի, թէ ինչո՞ւ այդ պարագային Աֆղանիստանը, որպէս ՄԱԿ-ի անդամ երկիր, ժամանակակից աշխարհին կ՚առընչուի ոչ թէ տնտեսական, փոխադրային եւ այլ առումներով շահեկան դիրք գրաւող եւ անկէ օգտուող պետութիւն, այլ արդէն քանի դարէ ի վեր տեւական պատերազմներու ու ողբերգական իրադարձութիւններու թատերաբեմ, ապա, կը կարծեմ, հիմնական խնդիրը Աֆղանիստանի, որպէս պետութիւն ստեղծման, անոր կառուցուածքին եւ ամենակարեւորն է՝ ցեղային կազմին առընչուող հարցերու կծիկումն է:

 

-Ի՞նչ կը կարծէք, արդեօք Միացեալ Նահանգներ «ծախեց» Աֆղանիստանի իր դաշնակիցները, կամ փոխեց այդ դաշնակիցներու դէմքն ու անունը։

Չեմ կարծեր, թէ տեղին է օգտագործել նման բնորոշումներ յարաշարժ ընթացող իրադարձութիւնները նկարագրելու համար: Կը կարծեմ՝ Միացեալ Նահանգներ Աֆղանիստանի հետ առընչուող հարցերուն մէջ միշտ ըրած է այն, ինչ տուեալ ժամանակամիջոցին համար կարեւոր եղած է: Զգացական դաշտէն դուրս դիտարկելով՝ պատկերը այդքան ալ մշուշոտ չէ: Աֆղանիստանէն դուրս ելլելու մասին Միացեալ Նահանգներ անուղղակի յայտարարած էր Աֆղանիստան մտած ատեն՝ նշելով, որ այդ քայլի նպատակը՝ ոչնչացնելն է 9-11 սեպտեմբերի պարագլուխ համարուող Ուսամէ պին Լատինը: Բացարձակապէս էական չեմ համարեր, թէ Պին Լատին Աֆղանիստան, թէ Փաքիստան թաքնուած էր, եւ կամ վերջին հաշուով ո՛ւր վերացուցին զինք եւ կամ ի՛նչ այլ խոստումներ ու պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան Միացեալ Նահանգներու հետ եւ այլն: Սկսեալ այդ յայտարարութեան պահէն՝ Աֆղանիստանի իշխանութեան ղեկը ստանձնած որեւէ ուժ եւ ոեւէ նախագահ պէտք է երկիրը պատրաստած ըլլար դիմակայելու արտաքին ու ներքին վտանգները այն պահուն, երբ Պին Լատինը ոչնչացուէր: Կը կարծեմ, որ այդ պէտք է ըլլար Աֆղանիստանի արդէն նախկին իշխանութեան միակ մտահոգութիւնն ու ընելիքը: Միացեալ Նահանգներ վաղ թէ ուշ պիտի լքէր Աֆղանիստանը: Դաշնակիցներու դէմքն ու անունը փոխելու առումով, կը կարծեմ՝ ինչ որ տեղ կարելի է նման գնահատական տալ՝ հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու տարածքաշրջանի հետ կապուած առաջնահերթութիւնները:

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս