Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն այսօր շնորհաւորած է Լիբանանի հայ համայնքը Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ: Նախագահ Աուն, որ այս առթիւ գրառում մը կատարած է իր թվիթըրեան էջով մասնաւորապէս ըսած է «Կը շնորհաւորեմ հայերն ու ղըպտիները Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, յուսալով, որ Բեթղեհէմէն ծագած լոյսը խաղաղութիւն կը բերէ ամբողջ արեւելքին»:
Յիշեցնենք, որ այսօր շաբաթ Լիբանանի պետական բոլոր հաստատութիւններն ու մարմինները հայկական Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ եւ կառավարական որոշումով մը փակ կը պահեն իրենց դռները: