Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը կարծիք յայտնած է, որ Հայաստանի հետ պատմական եւ պաշտօնական խաղաղութիւնն իսկապէս ճանապարհ կը հարթէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան, բարգաւաճման եւ զարգացման համար:
Այս մասին գրած է Anadolu-ն:
Ֆիտանն ըսած է, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի «3+3» ձեւաչափով 3-րդ նիստին ուշադրութեան կեդրոն եղած է ոչ միայն հայ-ատրպէյճանական հարցը, այլեւ ամբողջ կովկասեան տարածաշրջանը: