image

Հարթել  ճանապարհը դէպի խաղաղութիւն. Ճօ Պայտընի նամակը՝ Փաշինեանին

Հարթել  ճանապարհը դէպի խաղաղութիւն. Ճօ Պայտընի նամակը՝ Փաշինեանին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նամակ յղած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին, Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի Եւրոպայի հարցով գլխաւոր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրի ձեռամբ։

Պայտընի նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Յարգելի Պրն. Վարչապետ,

Ուրախ եմ տեսնելու, որ ձեր երկիրը եւ Ատրպէյճանը կայուն յառաջընթաց արձանագրած էք խաղաղութեան համաձայնագիրը վերջնական տեսքի բերելու ուղղութեամբ, ասիկա պիտի կարգաւորէ ձեր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները։

Ես կ՛ուզեմ ձեզի վստահեցնել, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցիլ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրին, որ վերջնականապէս վերջ պիտի դնէ դարաւոր հակամարտութեան։ Խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ կ՛երաշխաւորէ Հայաստանի միասնութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, միայն հայ ժողովուրդին ապահովութիւնն ու կայունութիւն պիտի չերաշխաւորէ, այլ անիկա պիտի վերափոխէ ողջ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը։

Ինչպէս գիտէք, խաղաղութեան համաձայնագիրի մնացած յօդուածներուն վերջնականացումը պիտի պահանջէ յամառութիւն, հնարամտութիւն եւ փոխզիջում: Բայց հայրենասիրութիւնը քաղաքականութենէն վեր դասելով՝ դուք խիզախօրէն եւ հետեւողականօրէն ընտրած էք խաղաղութեան ուղին, եւ ես ձեզ կը քաջալերեմ այս տարի վերջնական տեսքի բերել պայմանագիրը։

Իմ վարչակազմս պատրաստ է ձեռնարկել համարձակ նախաձեռնութիւններու, որոնք պիտի օգնեն հարթելու դէպի խաղաղութիւն տանող ուղին: Ես խնդրած եմ Եւրոպայի գծով գլխաւոր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրին՝ ձեզ տեղեակ պահել որոշ քայլերու մասին, որոնց մենք կ՛ուզենք ձեռնարկել եւ ստանալ ձեր կարծիքը Ատրպէյճանի հետ քննարկումներուն մասին:

Ինչպէս նախորդ ամիս Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին մէջ յիշատակուեցաւ, հասած է պահը վերահաստատելու յանձնառութիւնը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ խաղաղութեան հիմնարար սկզբունքներուն նկատմամբ: Աւելի պայծառ ապագան հասանելի է, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ ձեզի հետ աշխատանքի`այն բաց չթողելու համար»։