image

Բերման ենթարկուած է Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը. «Սա քաղաքական հետապնդում եւ ճնշման փորձ է»

Բերման ենթարկուած է Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը. «Սա քաղաքական հետապնդում եւ ճնշման փորձ է»

Այսօր վաղ առաւօտեան Գորիսի մէջ բերման ենթարկուած է համայնքապետ Առուշ Առուշանեանը: Այդ մասին յայտնած է համայնքապետի տեղակալ Իրինա Եոլեանը, նշելով. «Սա ակնյայտ քաղաքական հետապնդում է եւ ճնշման փորձ»։

Յիշեցնենք, որ Առուշ Առուշանեանը երէկ կոչ ըրած էր սիւնեցիներուն՝ հաւաքուելու Սիւնիքի մարզի դարպասներուն մօտ եւ խոչընդոտելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մուտքը՝ Սիւնիք: «Սա սիւնեցիներու արժանապատւութեան, անվտանգութեան եւ ֆիզիքական գոյութեան պայքարն է, համահայկական ընդվզումի արտայայտումը։ Մենք մեր սերունդներուն աւանդ պէտք է թողենք՝ անարատ հողը նախնեաց․․․».-յայտնած է Գորիսի համայնքապետը՝ մտահոգուելով Սիւնիքի սահմաններով, որ վտանգաւոր դարձած է Փաշինեանի ստորագրած յայտարարութեամբ: Հակառակ անոր ձերբակալութեան՝ մեքենաներով բոլողքի երթը կայացած է, այս պահուն լարուած իրավիճակ է Սիւնիքի դարպասներուն մօտ, ոստիկանութիւնը փակած է ճանապարհը՝ թոյլ չտալով, որ բողոքի երթ առաջանայ: 

Առուշ Առուշանեանը համայնքապետ ընտրուած է 2017-ին, ան արցախեան այս պատերազմի առաջին օրէն կամաւորագրուած է հայրենիքի պաշտպանութեան:
 Համայնքապետի ձերբակալութեան առթիւ բազմաթիւ օգտատէրեր դժգոհութիւն յայտնած են, որ ներկայ իշխանութիւնը, իրական թշնամիներու դէմ կռուելու փոխարէն, կը ճնշէ հայրենիքի պաշտպաններուն: