image

Թրամփի քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ շահերուն համահունչ է

Թրամփի քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ շահերուն համահունչ է

Այն քաղաքականութիւնը, որ Տանըլտ Թրամփ մտադիր է իրականացնել, կը համընկնի Թուրքիոյ շահերուն հետ։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։

Ֆիտան նշած է, որ Թուրքիան առաջին հերթին հանդէս կու գայ Ուքրանիոյ մէջ հրադադար հաստատելու օգտին:

«Մենք կը բախինք բազմաթիւ դժուարութիւններու Եւրասիոյ տարածաշրջանին մէջ։ Իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ։ Իսկ Սուրիոյ գործընթացները սկսած են աստիճանաբար կայունանալ։

Քաղաքականութիւնը, որ մտադիր է իրականացնել Թրամփ, կը համընկնի Թուրքիոյ շահերուն հետ։ Մենք շատ ծանր դասեր կը քաղենք տեղի ունեցածէն»,-նշած է Հաքան Ֆիտան։