image
Հրատապ լուրեր:

Բախումներ Իսրայէլի մէջ

Բախումներ Իսրայէլի  մէջ

Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին Իսրայէլի սահմանապահ ոստիկանութեան հետ բախումներէն տուժած է առնուազն 211 պաղեստինցի: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է ռուսական ԹԱՍՍ-ը՝ յղում ընելով Պաղեստինի Կարմիր մահիկի յայտարարութեան:

«Վիրաւորներու ընդհանուր թիւը, որոնց հետ մեր ջոկատները աշխատած են Նապլուս նահանգի Պէյթ եւ Պէյթ-Տաճան բնակավայրերուն մէջ, հասած է 211-ի», - ըստ տեղական «Սաութ Ալ-Աքսա» ռատիոկայանի՝ նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը հաղորդուի, որ հրաձգային զէնքի հետ միասին իսրայէլցի ոստիկանները կիրառած են ռետինէ փամփուշտներ, արցունքաբեր կազ եւ ձայնային նռնակներ: Ընդ որում, իսրայէլցի ուժայինները խանգարած են Կարմիր մահիկի բժշկական ջոկատներու աշխատանքը եւ կրակած են անոնց վրայ ռետինէ փամփուշտներով, որու հետեւանքով մի քանի բժիշկ վնասուածք ստացած է:

Նապլուսի հարաւային շրջաններու բնակիչները Մայիսի վերջէն բողոքի երթեր կ'ընեն Սապիհ լեռան գագաթի ուղղութեամբ, ուր Իսրայէլի իշխանութիւնները վերաբնակեցման գործունէութիւն կը ծաւալեն: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը կը խոչընդոտէ պաղեստինցիներու երթերը՝ ուժ կիրառելով անոնց նկատմամբ: