image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ կը հեռանա՞յ Սուրիայէն. 3 ռազմակայաններ պիտի դատարկուին

ԱՄՆ կը հեռանա՞յ Սուրիայէն.  3 ռազմակայաններ պիտի դատարկուին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները երկու ռազմակայան փակած է Սուրիոյ մէջ, եւս մէկը յանձնած է քրտական «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»ու վերահսկողութեան՝ ռազմական ուժերու աստիճանական կրճատման շրջածիրէն ներս։ Այս մասին յայտնած է Փենթակոնի ներկայացուցիչը՝ «Al Arabiya» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին։ 

«Մօտաւորապէս 500 ամերիկացի զինուորներ դուրս բերուած են Սուրիայէն։ Երկու ռազմակայան փակուած է, իսկ մէկը յանձնուած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն։ Ամերիկեան զօրքերու համախմբումը անվտանգ է եւ մանրամասն մտածուած», — յայտարարած է ան։

Հեռուստաընկերութեան տուեալներով՝ քրտական ուժերը վերահսկողութիւն ստացած են «Mission Support Site Euphrates» կայանի նկատմամբ։ Փակուած կառոյցներուն շարքին նշուած է նաեւ «Green Village» ռազմակայանը։ Երկրորդ կայանին անունը չէ նշուած։

Ամերիկացի զինուորականները Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ կը գտնուին 2015 թուականէն ի վեր։ 2015-2018 թուականներուն ընթացքին, Միացեալ Նահանգները՝ քրտական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ, ստեղծած է իննը ռազմակայան եւ երեք առաջաւոր դիրք։ Նախապէս այդ կառոյցներուն մէջ մօտ 2200 ամերիկացի զինուորականներ կը տեղակայուէին։

Ապրիլին Փենթակոնը յայտնած էր զօրքերու քանակը կրճատելու ծրագիրներու մասին՝ Սուրիոյ մէջ թողելով 1000-էն նուազ զինուոր։