ԱՄՆ-ն կը փակէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի մէջ գտնուող իր 8 ռազմակայաններէն 3-ը, իսկ երկրի մէջ տեղակայուած ամերիկացի զինուորներու թիւը 2000-էն կրճատուած է մինչեւ 1400-ի։ Այս մասին յայտնած է The New York Times-ը՝ յղում ընելով երկու բարձրաստիճան ամերիկացի պաշտօնեայի։
Ըստ լրատուականի՝ 60 օրէն ամերիկացի հրամանատարները պէտք է որոշեն՝ արժէ արդեօք զօրակազմն աւելի կրճատել, թէ ոչ։ Փորձագէտները խորհուրդ տուած են Սուրիոյ մէջ թողել առնուազն 500 ամերիկացի զինուոր, սակայն ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը «թերահաւատօրէն կը վերաբերի» երկրի մէջ ամերիկեան որեւէ զօրք պահելու հարցին, գրած է թերթը եւ նշած, որ Պաշշար Ասատի ռեժիմի անկումը նուազեցուցած է Սուրիոյ մէջ սպառնալիքներու թիւը «առնուազն այս պահուն»:
The New York Times-ի զրուցակիցները նշած են, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկացի զինուորականները, թէեւ անոնց թիւը նուազած է, մտադիր են շարունակել աջակցիլ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերուն» (SDF)՝ քիւրտերու գլխավորած ռազմական դաշինքին, որը վերահսկում է երկրի հյուսիս-արևելքը, ահաբեկչության, մասնաւորապէս, «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ։
Ապրիլ 16-ին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քացը յայտարարած էր, որ իր երկիրը մտադիր է պահպանել ռազմական վերահսկողութիւնը Կազայի հատուածին մէջ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ բռնագրաւուած տարածքներու նկատմամբ։ Քացն ըսած էր, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը պիտի մնան այդ «անվտանգութեան գօտիներու մէջ» եւ ատոնք պիտի դարձնեն թափարգել՝ հրէական պետութիւնը թշնամական ուժերէ պաշտպանելու համար։