Երկուշաբթի Փետրուար 29ին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ «Խոճալու՝ ճշմարտութիւնը ջարդի մը մասին» խորագրեալ դասախօսութիւն մը տեղի ունեցած է:«Ազրպէյճանի բարեկամներ» ընկերակցութիւնը, որու մաս կը կազմեն նաեւ ֆրանսացի բազմաթիւ երեսփոխաններ, դասախօսելու հրաւիրած են Մաքսիմ Կոէնը,որ ծանօթ անուն է իր դիրքորոշումներով, տարածելու համար այն գաղափարը՝ թէ «բարբարոս, հրէշ Հայերը ջարդած են Ազէրիներ»: Բնականաբար, ներկայ գտնուած է նաեւ Ազրպէյճանի դեսպան Էլչին Ամիրպայեւը:«Նազարբէկ» երիտասարդական միութիւնը այս առթիւ հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ պատահածը կը բնութագրէ՝ «Ֆրանսա անգամ մը եւս զոհը դարձաւ ազրպէյճանական պետութեան նաւթատոլարներուն» ձեւով:Կ’ըսուի նաեւ թէ կը փափաքին այս հաղորդագրութեամբ զգաստացնել՝ որ նման քարոզչութիւններ հետզհետէ աւելի յաճախ կը կատարուին Ֆրանսայի մէջ եւ թէ հարկ է դատապարտել զանոնք՝ կանգնելու համար ատելութիւն սերմանող նման գաղափարներու դէմ: «Այդ պատճառով է, որ տեղւոյն վրայ էինք. արտայայտելու համար մեր տարակարծութիւնը գայթակղեցուցիչ այս ձեռնարկին նկատմամբ» կը նշուի անոր մէջ:Հաղորդագրութիւնը կ՚եզրափակուի հետեւեալ տողերով. «Կարեւոր է ընդգծել, որ այս տեսակի քարոզչութիւն կը ծաւալեն պարզապէս արդարացնելու համար Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդավար հանրապետութեան, որ հայկական հող եղած է անցեալին, ներկայիս ալ է՛, եւ պիտի մնա՛յ ալ»։