image

Արեւելեան Թեմ. Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան մասնակից՝ Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի վարչութեան ատենապետութեան ստանձնումի արարողութեան

Արեւելեան Թեմ. Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան մասնակից՝ Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի վարչութեան ատենապետութեան ստանձնումի արարողութեան

Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան մասնակից դարձած է Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի վարչութեան ատենապետութեան ստանձնումի արարողութեան։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողաց կը ներկայացնենք այդ առթիւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ գտնուեցաւ Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսի կողմէ Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի (National Council of Churches) վարչութեան ատենապետութեան ստանձնումին։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Holy Cross յունաց դպրեվանքին մէջ (Պրուքլայն, Մէսէչուսէթս)։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նորընտիր ատենապետին հաղորդեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորութիւնները եւ մաղթանքները, որ անոր գործունէութիւնը համագործակցութեան եւ միասնականութեան նոր բարձունքներու հասցնէ կազմակերպութիւնը։
Ձեռնարկին հիւրաբար հրաւիրուած էր Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ եւ Ազգային Առաջնորդարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ։
Նկարին մէջ, ձախէն աջ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս, Վիգէն Արք. Այքազեան (էջմիածնական Արեւելեան Թեմի ներկայացուցիչ) եւ Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։