image

Այվազովսկիի 200-ամեակին Ուքրանիոյ մէջ յատուկ յուշամետալ եւ նամականիշ պիտի թողարկուի

Այվազովսկիի 200-ամեակին Ուքրանիոյ մէջ յատուկ յուշամետալ եւ նամականիշ պիտի թողարկուի

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի ծննդեան 200-ա­մեա­կին առ­թիւ յո­բե­լե­նա­կան զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ նա­խա­տե­սուած են աշ­խար­հի բազմաթիւ եր­կիր­նե­րու մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դմամբ, Ուք­րանիոյ Ազ­գա­յին դրա­մա­տու­նը կը պատ­րաս­տուի այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ թո­ղար­կել յու­շա­մե­տալ մը։ «Ուք­րա­նիոյ նշա­նա­ւոր ան­ձինք» շար­քի ծի­րէն ներս թողարկուող այս մետալը պիտի կոչուի «Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քի» ու շրջա­նա­ռու­թեան մէջ պի­տի դրուի 25 հա­զար օ­րի­նա­կով։

Նոյն յո­բե­լեա­նին առ­թիւ պի­տի թո­ղար­կուի նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան դրոշ­մա­թուղթ մը։ Այդ նա­մա­կա­նի­շը պի­տի ընդգր­կուի «Ուք­րա­նիոյ թան­գա­րան­նե­րու գան­ձե­րը» շար­քին մէջ։

«Մեծ նկարի­չի 200-ա­մեա­կին նուի­րուած յու­շա­մե­տա­լի եւ նա­մա­կա­նի­շի թողարկումը յստակ կը վկա­յէ հա­մաշ­խար­հա­յին գե­ղա­րուես­տի մէջ Յով­հան­նէս Այվա­զովս­քիի պե­տա­կան ճա­նաչ­ման մա­սին։ Ան նաեւ հայ­կա­կան եւ ուք­րա­նա­կան մշա­կոյ­թի փո­խա­դարձ հարս­տաց­ման վառ օ­րի­նակ մըն է», -այս առ­թիւ ը­սած է Ուք­րա­նացի պատ­մա­բան Մաք­սիմ Ցա­րէն­քօ։