Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին առթիւ յոբելենական զանազան ձեռնարկներ նախատեսուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Ուքրանիոյ Ազգային դրամատունը կը պատրաստուի այս յոբելեանին առթիւ թողարկել յուշամետալ մը։ «Ուքրանիոյ նշանաւոր անձինք» շարքի ծիրէն ներս թողարկուող այս մետալը պիտի կոչուի «Յովհաննէս Այվազովսքի» ու շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի 25 հազար օրինակով։
Նոյն յոբելեանին առթիւ պիտի թողարկուի նաեւ գեղարուեստական դրոշմաթուղթ մը։ Այդ նամականիշը պիտի ընդգրկուի «Ուքրանիոյ թանգարաններու գանձերը» շարքին մէջ։
«Մեծ նկարիչի 200-ամեակին նուիրուած յուշամետալի եւ նամականիշի թողարկումը յստակ կը վկայէ համաշխարհային գեղարուեստի մէջ Յովհաննէս Այվազովսքիի պետական ճանաչման մասին։ Ան նաեւ հայկական եւ ուքրանական մշակոյթի փոխադարձ հարստացման վառ օրինակ մըն է», -այս առթիւ ըսած է Ուքրանացի պատմաբան Մաքսիմ Ցարէնքօ։