image

«Այսօր մեր խնդիրը միջակութիւնէն դուրս գալն է».Վիգէն Սարգսեան

 «Այսօր մեր խնդիրը  միջակութիւնէն դուրս  գալն է».Վիգէն Սարգսեան

Ճիշդ է, որ ցաւոտ է մատը վէրքին վրայ դնել ու մատնանշել մանաւանդ ազգային խոցելի երեւոյթները, բայց այդ կարեւոր է ի վերջոյ հասկնալու ու յառաջիկայի համար ընտրելու այնպիսի ուղիներ, որոնք կը նպաստեն երկրի բարգաւաճման: 

 Սոյն թեմայով ուշագրաւ գրառում կատարած է  (արեւելահայերէնով)   հայրենի լեռնագնաց՝ Վիգէն Սարգսեան եւ զայն կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Եկէք խոստովանինք, որ մենք միջակ եղած ենք ու ենք, բոլոր ոլորտներուն մէջ: Մենք իրենց (հրեաներու) նման գիշեր ու զօր չենք մաքառած, որ քարէն հող սարքենք, օդէն՝ ջուր, հողէն ալ բերք: Գիտութիւն չենք զարգացուցած, զէնք չենք արտադրած մեզի համար: Մարդասիրական միտքը, տրամաբանութիւնը չենք զարգացուցած, որ ճանչնանք, հասկնանք աշխարհն ու աշխարհակարգը: Ինչ որ  ըրած ենք` ըրած ենք կամ միջին գիծերու մէջ, կամ ընդհանրապէս ոչինչ ըրած ենք, շատ դէպքերու պարագային ալ  մենք  մեզի վնաս տուած ենք:

 

Մենք չենք ունեցած ընդհանուր երազանք, մերը եղած է անձնական` լաւ ինքնաշարժ, լաւ տուն, լաւ եկամուտներ:

Մեր անձնական շահը միշտ հակասած է ընդհանուր շահին: Մենք մեր բակի սոսեաց  կտրած ենք, կրաձոյլէ  (պեթոն)  կառատուն սարքած, որ միայն մեզի համար լաւ ըլլայ, ոչ համայնքին: Հող մշակելու տեղ, հողը վերածած ենք կրաձոյլէ ջրափոսի, արտեզեան աւազանի ջուրերը լեցուցած մէջը, ու բուծած առողջութեան համար անպիտան ձուկ` զուտ  գումարի  համար,  վնասելով  հողը, ջուրը, առողջութիւնը: Լեռները սարքած ենք բաց հանք, քանդած, լեցուցած վակոնները ու ծախած, թունաւորելով շրջակայ ջուրերը ու բնակավայրերը: Գոնէ որպէս հումք չարտահանէինք, գոնէ արտադրութեան օգուտ  տային   այդ քանդուած սարերն ու ձորերը: Ու ոչ մէկ հողամշակման աշխատանքներ, ոչ մէկ վերականգնողական կամ կանխարգելիչ գործողութիւններ, որպէսզի չաւրուին շրջակայ միջավայրն ու ջուրերը: Նոյնն ալ անտառներուն հետ, «մաֆիոզ» խումբերը ոստիկանութեան տեղի թափթփուկներու հետ համատեղ գողցած են ու վաճառած բոլորիս պատկանող հարստութիւնը: Ու նորէն՝ ոչ մէկ արտադրութիւն ու վերկանգնում կոտորուած անտառներուն: Նոյնն ալ կենդանական աշխարհի մասով, քանի մը տասնեակ հարուստ ու աղքատ հաստագլուխներ գրեթէ իսպառ բնաջնջեցին մեր հարուստ կենսաբազմազանութիւնը:

 

Սա մենք ըրած ենք, որ մեզմէ քանի մը հոգին միայն լաւ ըլլայ, մի քանին հարստանայ,  դժոխք  թէ ինչ կը պատահի  ընդհանուրին հետ, թքած պետութեան վրայ:

 

Որ ոլորտի գործերուն կը նայիս, կամ՝ միջակութիւն է կամ վնաս՝ կաշառակերութեան ու գողութեան տեսքով:

 

Ոչ մէկ նորմալ պետական (հիմնարկ) չկարողացանք ստեղծել, գոնէ հիմնական ամենակարեւորներէն՝ արդարադատութեան համակարգ: Մարդիկ հիմնականին հարիւր հազարներով արտագաղթած են ոչ թէ սառնարանին մէջ մէկ հատ աւելի երշիկի համար, այլ ընդհանուր անարդարութենէ: Մարդիկ պատրաստ են կրել բազմաթիւ զրկանքներ յանուն ընդհանուր շահի, երբ այդ զրկանքը բոլորի համար անխտիր է, երբ արդար է, երբ արտօնեալներ չկան, երբ երկրիդ հարստութիւնը հաւասար բոլորին համար է, երբ բոլորը ունին հաւասար մեկնարկային հնարաւորութիւններ ու որ կտրիճներ ու «շուստրիներ»ը չունին այդ արտօնեալ գործիքակազմը: Երբ չկայ արդարութիւն՝ կը խախտուի այդ փխրուն համերաշխութիւնը, մարդիկ այլեւս չեն ուզեր կրել զրկանքներ յանուն ընդհանուր գործին, երբ որոշ մարդիկ ոչ միայն բոլորի հետ չեն կրեր այդ զրկանքները, այլ ուրիշի զրկանքները կը վերածեն իրենց օգուտին:

 

Բանակը՞, քանի որ տասնամեակներով այս թեման եղած է «թապու» (ագիլուած), «սուրբ կով»՝ եկէք չխորանանք: Ուղղակի՝ եղած եմ այնտեղ, տեսած եմ մէջէն, բայց այդ մէկ կողմ՝ չի կրնար բանակի թէկուզ մէկ զօրավար ըլլայ տոլարային միլիոնատէր կամ պիզնեսմեն (գործարար), չկայ ուրեմն բանակ: Կրնա՞յ ըլլալ այդ «բանակ»ին մէջ կան ազնիւ սպաներ ու արի զինուորներ, ի հարկէ կան, բայց ոչ աւելին: Այս «բանակ»ի վերնախաւի մեծ մասը զբաղած եղած է գողութեամբ, յոյս ունենալով որ կռիւ չըլլայ, ըլլայ ալ՝ մեր ոխերիմ դաշնակիցը կը կանգնեցնէ կամ կը պաշտպանէ մեզի:

 

Լուսանկարը՝  Վիգէն Սարգսեանի 

 

Մեր շատ գովաբանուած տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) ոլորտը: Նորէն, գրեթէ չունինք լուրջ արտադրութիւն, կա՛մ զուարճալի յաւելուածներ են, կա՛մ խաղադրոյքային, կա՛մ ալ դուրսի համար պատուէրով աշխատանք: Շատ քիչ բան ունինք, որոնք իսկապէս աշխարհը փոխող, մարդոց կեանքը լաւացնող արտադրութիւններ են: Կը համեմատես Իսարայէլի նոյն ոլորտին հետ, մերը միջին ալ դժուար թէ գնահատել:

 

Ես ալ միջակ եմ, ես ալ ինձմէ գոհ չեմ, իմ կատարած աշխատանքի որակէն, ըլլայ այդ ծրագրաւորումը, պատասխանատուութիւն վերցնելը, լուսանկարելը, տեսանիւթ մշակելը, մարդկային յարաբերութիւնները, թէկուզ՝ սարերը քալելը: Այս գրութեան բառապաշարն ու ուղղագրութիւնն ալ միջակ է: Կ'երեւի թէ՝ միտքերն ալ: Սա ինքնախարազանում չէ, ուղղակի կը փորձեմ  ախտորոշումը  գտնել: Պէ՛տք է փոխուինք, ձգե՛նք պոռոտախօսութիւնն ու լոպազութիւնը (պարծենկոտութիւնը), կրթուինք, ինքնակրթուինք ու շատ աշխատինք, որ այս արեւի  տակ տեղ ունենանք:

 

 Վիգէն Սարգսեան