image

Ողնաշարի խնդիրը. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Ողնաշարի խնդիրը. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Քրտա­կան շար­ժումի առաջ­նորդնե­րէն Սա­լիհ Միւսլիմ բա­զում ան­գամներ այ­ցե­լեց Թուրքիա, բա­նակ­ցութիւններ վա­րելու նպա­տակաւ։ Երբ չկա­յացաւ ակնկա­լուած հա­մաձայ­նութիւ­նը, այս վեր­ջինն ալ ար­ժա­նացաւ Էր­տո­ղանի հա­լածանքնե­րուն։ Երբ իր դէմ յա­րու­ցո­ւած բո­լոր դա­ւադ­րութիւննե­րը ան­զօր մնա­ցին Էսա­տի դէմ, արեւ­մուտքը հրա­ժարե­ցաւ իր ապար­դիւն դա­ւադ­րութե­նէն։ Իսկ հի­մա ալ Էր­տո­ղան կը փոր­ձէ իր ձեռ­քով խոր­տա­կուած յա­րաբե­րու­թիւննե­րը վե­րահաս­տա­տել։ Այդ բնոյ­թի նա­խորդ փոր­ձե­րուն դէմ Էսատ յստակ կեր­պով նա­խապայ­ման դրած էր իր երկրի մէջ տե­ղակա­յուած թրքա­կան զօր­քի հե­ռացու­մը։

Այդ մա­սին առանց յստակ պա­տաս­խան տա­լու, Էր­տո­ղան ան­գամ մը եւս կը փոր­ձէ Էսա­տի հետ հան­դի­պում ու­նե­նալ։

 

 

Նախա­գահ Էր­տո­ղան տա­կաւին իր վար­չա­պետու­թեան օրե­րուն, բա­ռին փո­խաբե­րական իմաս­տով յա­ճախ կ՛օգ­տա­գոր­ծեր «ող­նա­շար» եզ­րը իբ­րեւ հա­կազ­դե­ցու­թիւն քստմնող բնազ­դի դէմ։ Ան կ՛առար­կեր իր կե­ցուած­քը դէպ­քե­րու զար­գացման հա­մապա­տաս­խան կեր­պով շե­ղող­նե­րուն, զա­նոնք կո­չելով «ող­նա­շար չու­նե­ցող­ներ»։

Այդ տա­րինե­րուն Էր­տո­ղան կը հե­տապնդեր յստակ ռազ­մա­վարու­թիւն մը որ հա­կադ­րո­ւած էր Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թե­նէն ի վեր շա­րու­նա­կուող պե­տական քա­ղաքա­կանու­թեան։

Երկրի հիմ­նա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը հիմ­նո­ւած էր արեւմտա­մէտ մեր­ձե­ցու­մով, ըն­կե­րա-տնտե­սական զար­գացման տես­լա­կանի մը սկզբունքով։

Սկզբունքա­յին կեր­պով յե­տամ­նաց հա­մարո­ւած էին արա­բական եր­կիրնե­րը եւ առ­հա­սարակ մահ­մե­տակա­նու­թիւնը։

Քա­նի որ կա­րելի չէր կրօ­նի գոր­ծօ­նը բո­լորո­վին վե­րաց­նել կամ ար­գի­լել, որ­դեգրուեցաւ հո­գեւո­րի չէ­զոքաց­ման ռազ­մա­վարու­թիւնը՝ լաիք սկզբունքը որ հա­մահունչ էր բո­վան­դակ եւ­րո­պայի յատ­կա­պէս ալ Ֆրան­սա­յի վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեան

Էր­տո­ղան եւ անոր գլխա­ւորած Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում կու­սակցու­թիւնը մահ­մե­տական­նե­րու դէմ տաս­նա­մեակ­նե­րու տե­ւողու­թեամբ շա­րու­նա­կուող այդ ճնշումնե­րու հան­դէպ բո­ղոքե­լով իջան քա­ղաքա­կան դաշտ, որ­դեգրե­լով յա­ռաջ­դի­մական բա­զում խոս­տումներ։ Այդ խոս­տումնե­րու գլխա­ւոր­նե­րէն էր ԵՄ-ի ան­դա­մակ­ցութիւ­նը, որ բար­գա­ւաճ­ման ակնկա­լու­թեամբ կը խրա­խու­սո­ւէր նաեւ հա­սարա­կու­թեան կող­մէ ալ։ Արեւ­մուտքը եւս ող­ջունեց այս ըն­թացքը, նոր շար­ժումը հա­մարե­լով կամ կար­ծե­լով իս­լա­մական ժո­ղովրդա­վարու­թիւն։

Էր­տո­ղանի շար­ժումին փայ­լը սա­կայն շու­տով պղտո­րեցաւ հա­մաշ­խարհա­յին զա­նազան ազ­դակնե­րու բեր­մամբ։ ԱՄՆ ան­գամ մը եւս շա­հագոր­ծեց իս­լամ ար­մա­տական­նե­րու խա­ղաքար­տը, կոր­ծա­նելու հա­մար Սու­րիոյ օրի­նաւոր իշ­խա­նու­թիւնը, որ Իս­րա­յէլի դէմ գլխա­ւոր սպառ­նա­լիք դար­ձած էր։ «Արա­բական Գա­րուն» կո­չու­մով քօ­ղար­կո­ւած բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը արեւ­մուտքի եւ անոր գոր­ծա­կատար Թուրքիոյ ջան­քե­րով վե­րածո­ւեցան զի­նեալ ապստամ­բութեան, հետզհե­տէ ալ քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի։

Էր­տո­ղան ան­վա­րան դրժեց իր իսկ հաս­տա­տած բա­րեկա­մու­թիւնը Սու­րիոյ Նա­խագա­հին հետ, զայն մե­ղադ­րե­լով իբ­րեւ սե­փական ժո­ղովուրդին դէմ դա­ժանու­թիւն գոր­ծող բռնա­կալ։ Յի­շողու­թիւննե­րու մէջ թարմ է այդ օրե­րու պո­ռոտա­խօսու­թիւննե­րը։

Խռո­վու­թիւննե­րու այդ նոյն շրջա­նին, Թուրքիա մեծ ջանք վատ­նեց Սու­րիոյ հիւ­սի­սային շրջան­նե­րուն բնա­կող քիւրտե­րը Էսա­տի դէմ դրդե­լու հա­մար։

Քրտա­կան շար­ժումի առաջ­նորդնե­րէն Սա­լիհ Միւսլիմ բա­զում ան­գամներ այ­ցե­լեց Թուրքիա, բա­նակ­ցութիւններ վա­րելու նպա­տակաւ։ Երբ չկա­յացաւ ակնկա­լուած հա­մաձայ­նութիւ­նը, այս վեր­ջինն ալ ար­ժա­նացաւ Էր­տո­ղանի հա­լածանքնե­րուն։ Երբ իր դէմ յա­րու­ցո­ւած բո­լոր դա­ւադ­րութիւննե­րը ան­զօր մնա­ցին Էսա­տի դէմ, արեւ­մուտքը հրա­ժարե­ցաւ իր ապար­դիւն դա­ւադ­րութե­նէն։ Իսկ հի­մա ալ Էր­տո­ղան կը փոր­ձէ իր ձեռ­քով խոր­տա­կուած յա­րաբե­րու­թիւննե­րը վե­րահաս­տա­տել։ Այդ բնոյ­թի նա­խորդ փոր­ձե­րուն դէմ Էսատ յստակ կեր­պով նա­խապայ­ման դրած էր իր երկրի մէջ տե­ղակա­յուած թրքա­կան զօր­քի հե­ռացու­մը։

Այդ մա­սին առանց յստակ պա­տաս­խան տա­լու, Էր­տո­ղան ան­գամ մը եւս կը փոր­ձէ Էսա­տի հետ հան­դի­պում ու­նե­նալ։

Ող­նա­շարի խնդի­րը ահա այս պա­հուն է որ կը մտա­բերենք կրկին ան­գամ ափ­սո­սալով թէ մեծ­խօ­սիկու­թիւնը ինչպի­սի վտանգնե­րու առ­ջեւ կը դնէ մարդս։

Սա­կայն նշենք որ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը առ­հա­սարակ օժ­տո­ւած են որոշ ձիր­քե­րով, ուստի մեզ՝ հա­սարակ մահ­կա­նացու­նե­րուն վզէն կա­խուած ամօ­թի զգա­ցու­մը կը բա­ցակա­յի այդ դա­սէն եւ պա­հի թե­լադ­րանքին հա­մաձայն դիւ­րաւ կը դրժեն իրենց եր­բեմնի խօս­քը։

Նա­խագահ Էր­տո­ղան այս մա­սին իր բարձր կա­րողու­թիւնը փաս­տած է բա­զում ան­գամներ։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»