«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազան առաջիկայ մեծ հաւաքէն առաջ հանդիպած է ՀՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Տեղեկութիւնը հրապարակուած է «Սրբազան պայքար» թելեկրամեան ալիքով։
«ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ` վերջինի գրասենեակի կողմից ներկայացուած յարգելի պատճառներով հանդիպում դեռեւս չի եղել»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ Բագրատ արք. Գալստանեան հանդիպած է նաեւ հայաստանեան եւ արցախեան քաղաքական դաշտի ուժերու եւ կուսակցութիւններու հետ։
Յիշեցնենք, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը կը նախատեսէ մեծ հաւաք կայացնել 22 սեպտեմբերին Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ։
Յիշեցնենք` Բագրատ սրբազան ապրիլէն ի վեր աշխոյժ գործունէութիւն կ'իրականացնէ Տաւուշի մարզի, ապա Երեւանի ու ՀՀ տարբեր մարզերու մէջ` բողոքի հաւաքներ, երթեր, համախոհներու հետ հանդիպումներ` պահանջելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Հաւաքներու աշխուժութիւնը նուազեցաւ ԱԺ–ի շէնքի մօտ 12 յունիսին տեղի ունեցած բախումներէն յետոյ։
Ան խոստացած է սեպտեմբերին աւելի գործուն քաղաքական պայքար սկսիլ Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու համար։