image

Այսօր Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանութեան 2-րդ տարելիցն է

Այսօր Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանութեան 2-րդ տարելիցն է

Այսօր` 12 Յունուարին Գիւմրիի մէջ սպաննուած Աւետիսեան ընտանիքին Բ. տարելիցն է
Այսօր եւս Աւետիսեաններու հարազատները, ինչպէս 2016-ի 12 Յունուարին, կը բանան Աւետիսեաններու տան փակ  դռները եւ մոմավառութիւն տեղի կ'ունենայ:

Յիշեցնենք, որ  2015-ի այս օրը հայ հասարակութիւնը ցնցուեցաւ, Գիւմրիի Միասնիկեան 188 հասցէի տան մէջ Աւետիսեան ընտանիքի 6  անդամներու սպաննուած  գտնուելու լուրով։  Իսկ սուինի հարուածներ ստացած 6 ամսական Սերիոժա Աւետիսեան  օրեր անց մահացաւ հիւանդանոցին մէջ:

Դէպքէն  մէկ օր անց  ՀՀ իրաւապահներ յայտնեցին 13 Յունուարի գիշերը Պայանտուր գիւղի մօտակայքը ռուս սահմանապահներու կողմէ յայտնաբերուած  Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանի զինծառայող Վալերի Պերմիակովի մասին, որ փորձած էր անցնիլ հայ-թրքական սահմանը:

Պերմիակովի ձերբակալութեան զուգորդուեցան Գիւմրիի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր, որոնց մասնակիցները կը պահանջէին ռուս զինծառայողը յանձնել հայաստանեան արդարադատութեան:

Նախորդ տարուայ 23 Օգոստոսին Գիւմրիի ՌԴ 102-րդ ռազմակայանի N զօրամասին մէջ Շիրակի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը հրապարակեց Աւետիսեան ընտանիքի 7 անդամներու սպանութեան մէջ մեղադրուող Վալէրի Պերմիակովի դատավճիռը` դատապարտելով զինք ցմահ ազատազրկման:

Աւետիսեաններու իրաւայաջորդներու ներկայացուցիչները ՌԴ-ի դէմ քաղհայց ներկայացուցին դատարան, 450 հազար եւրոյի փոխհատուցման պահանջով, որ սակայն մերժուեցաւ դատարանին կողմէ: