Այսօր` 12 Յունուարին Գիւմրիի մէջ սպաննուած Աւետիսեան ընտանիքին Բ. տարելիցն է
Այսօր եւս Աւետիսեաններու հարազատները, ինչպէս 2016-ի 12 Յունուարին, կը բանան Աւետիսեաններու տան փակ դռները եւ մոմավառութիւն տեղի կ'ունենայ:
Յիշեցնենք, որ 2015-ի այս օրը հայ հասարակութիւնը ցնցուեցաւ, Գիւմրիի Միասնիկեան 188 հասցէի տան մէջ Աւետիսեան ընտանիքի 6 անդամներու սպաննուած գտնուելու լուրով։ Իսկ սուինի հարուածներ ստացած 6 ամսական Սերիոժա Աւետիսեան օրեր անց մահացաւ հիւանդանոցին մէջ:
Դէպքէն մէկ օր անց ՀՀ իրաւապահներ յայտնեցին 13 Յունուարի գիշերը Պայանտուր գիւղի մօտակայքը ռուս սահմանապահներու կողմէ յայտնաբերուած Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանի զինծառայող Վալերի Պերմիակովի մասին, որ փորձած էր անցնիլ հայ-թրքական սահմանը:
Պերմիակովի ձերբակալութեան զուգորդուեցան Գիւմրիի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր, որոնց մասնակիցները կը պահանջէին ռուս զինծառայողը յանձնել հայաստանեան արդարադատութեան:
Նախորդ տարուայ 23 Օգոստոսին Գիւմրիի ՌԴ 102-րդ ռազմակայանի N զօրամասին մէջ Շիրակի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը հրապարակեց Աւետիսեան ընտանիքի 7 անդամներու սպանութեան մէջ մեղադրուող Վալէրի Պերմիակովի դատավճիռը` դատապարտելով զինք ցմահ ազատազրկման:
Աւետիսեաններու իրաւայաջորդներու ներկայացուցիչները ՌԴ-ի դէմ քաղհայց ներկայացուցին դատարան, 450 հազար եւրոյի փոխհատուցման պահանջով, որ սակայն մերժուեցաւ դատարանին կողմէ: