Գարտիֆի մէջ, օրերս, բացուած է յուշատախտակ մը, որ կը պատուէ Կալլէսի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պատմական արդարութեան պաշտպանութեան ուղղուած աշխատանքներուն մէջ նշանակալից դեր ունեցած քաղաքական դէմքերը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն, որ այս մասնաւորապէս գրած է՝
Փետրուար 15-ին, դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Գարտիֆի մէջ մասնակցած է յուշատախտակի մը բացման արարողութեան, որ կը պատուէ անոնք որոնք նշանակալից դեր ունեցած են Կալլէսի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պատմական արդարութեան պաշտպանութեան ուղղուած աշխատանքներուն մէջ:
Հայկական Համայնքային խորհուրդի կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցած է Գարտիֆի Խաղաղութեան տաճարին մէջ, ուր կը գտնուի Միացեալ Թագաւորութեան հանրային տարածքին վրայ զետեղուած առաջին Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը:
Իր ելոյթին դեսպան Ներսէսեան ընդգծած է պատմական յիշողութեան պահպանման եւ ցեղասպանութեան ու մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիրներու արգիլման ջանքերու ամրապնդման կարեւորութիւնը: Ան անդրադարձած է՝ Հայաստանի շարունակական յանձնառութեան՝ միջազգային գործընկերներու հետ աշխատելու ցեղասպանութեան կանխումի ենթակառոյցները հզօրացնելու, մարդկութեան դէմ ոճիրներու մասին դաստիարակութիւնը խթանելու եւ արդարութիւնն ու հաշուետւութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ:
Դեսպանը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի եւ Կալլէսի միջեւ կապին, նշելով թէ այս միութիւնը կը խորհրդանշուի Գարտիֆի մէջ գտնուող խաչքարով, որ պատրաստուած է վարդագոյն աւազաքարէ, որ կը նմանի հայկական տուֆին, իսկ միւս բաղադրիչը՝ կալլէսական թերթաքարն է:
Պարոն Ներսէսեան շեշտած է Հայաստանի հետ բարեկամութեան՝ բազմակուսակցական խորհրդարանական խումբին դերը,– որուն նախագահն է երեսփոխան Ճեսիքա Մորտըն,– որ կը հետապնդէ Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ սերտ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակ:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Գարտիֆի քաղաքապետուհի Հելըն Լոյտ Ճոնզ, երեսփոխաններ՝ Ճեսիքա Մորտըն եւ Ճենի Ռեթպոն, ինչպէս նաեւ Կալլէսի հայ համայնքի անդամներ: