image

Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքի փաստաբանէն «խորհուրդ» Փաշինեանին

Ռուբէն  Վարդանեանի  ընտանիքի փաստաբանէն «խորհուրդ» Փաշինեանին

Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքի փաստաբան Ճարետ Կենսըրը X-ի իր էջին կոչ ըրած է ՀՀ իշխանութիւններուն աւելի աշխուժ միանալու Պաքուի բանտերէն գերիներու ազատ արձակման գործին եւ պարզաբանած է, թէ ինչ կրնայ ընել Փաշինեանը:

«Առաջնահերթութիւն յայտարարել գերիներու ազատ արձակումը, հրաւիրել մամուլի ասուլիս, յօդուած գրել առաջատար պարբերականի մէջ։ 

Հանդիպիլ գերիներու ընտանիքներու հետ, դիմել ԿԽՄԿ-ին եւ ԵԱՀԿ-ին՝ դիտորդներ «դատարաններ»ուղարկելու խնդրանքով։ 

Կոչ ընել դաշնակից երկիրներուն, որոնք դեսպանատուներ ունին Պաքուի մէջ, իրենց ներկայացուցիչները ուղարկելու «դատարաններ» եւ նոյնիսկ խնդրել Պաքուէն թոյլատրել հայ դիտորդներու մասնակցութիւնը: 

Դիմել ԱՄՆ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին, Ֆրանսայի եւ ԵՄ առաջնորդներուն: 

Շարունակել դատավարութիւնները ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանին եւ ՄԻԵԴ-ի մէջ, պահանջել ՄՔԴ դատախազէն Արցախէն Հայաստան 120,000 հայերու արտաքսման վերաբերեալ հետաքննութիւն սկսիլ: 

Դիմել ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին»: