image
Հրատապ լուրեր:

Այս օրերուն Հայ ռազմագերիներու հասցէին հնչած խօսքերը անընդունելի են.

 Այս  օրերուն   Հայ  ռազմագերիներու հասցէին հնչած խօսքերը անընդունելի են.

  Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական  գործիչ՝  Դոկտ. Վիգէն  Յովսէփեան կը գրէ՝ 

Հայ ռազմագերիներու եւ մեր գերեվարուած բանակայիններուն մասին նուազագոյն  մեղադրանքն անգամ հնչեցնելը, կամ այդ տղոց բացակայութեան պայմաններու մէջ իրենց մասին կասկածանք տարածելու արարքները անընդունելի են եւ խիստ դատապարտելի, ովքեր ալ ըլլան նման արարքներու հեղինակները՝ Վարչապետ, ԱԺ Նախագահ, թէ ոմն վերլուծաբան։ 

Յատկապէս պատերազմական իրավիճակի, ու յատկապէս յետ-պատերազմեան ազգային ցասումի մթնոլորտին մէջ այսօրինակ կասկածներ ու տարակուսանք սերմանելը պէտք է արժանանայ անխնայ քննադատութեան եւ համընդհանուր վերաբերմունքի։

Այնքան ատեն որ օտարի - իսկ այս պարագային թշնամիի - բանտերուն մէջ նոյնիսկ մէկ հայ ռազմագերի կայ, իւրաքանչիւր հայ պաշտօնատարի միակ պարտականութիւնն ու առաջնային մտասեւեռումը պէտք է ըլլայ զինք վերադարձնել հայութեան գիրկը։ 

Սա  ազգային արժանապատւութեան հրամայական է։

Այլ հաշուարկ, նկատառում, ցնդաբանութիւն, կամ սակարկութիւն բաձարցակապէս  անըդունելի է։