Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժած է հակամարտութեան աւարտին ուղղուած ամերիկեան առաջարկին Իրանի պատասխանը։ Այս մասին ան գրած է «Truth Social»-ի մէջ։
«Ես հիմա նոր կարդացի Իրանի այսպէս կոչուած «ներկայացուցիչներ»-ուն պատասխանը։ Ատիկա հաճելի չի ինծի։ Բացարձակապէս անընդունելի է»,- գրած է ԱՄՆ նախագահը։
Աւելի վաղ կատարուած հրապարակման մէջ Թրամփ Իրանը մեղադրած էր գրեթէ 50 տարի ԱՄՆ-ի եւ մնացեալ աշխարհի հետ «խաղեր խաղալու» համար։
«Անոնք այլեւս պիտի չծիծաղին»,- աւելցուցած էր ան։
Թրամփի մերժումը յանգեցուցած է նաւթի գինի բարձրացման՝ նկատի ունենալով մտավախութիւնները, որ հակամարտութիւնը պիտի շարունակուի, իսկ Հորմուզի նեղուցը պիտի մնայ արգելափակուած։ «CNN»-ը նշած է, որ Brent տեսակի նաւթի գինը բարձրացած է 3,17%-ով՝ հասնելով մէկ պարելի դիմաց 104,50 տոլարի։ Իսկ ամերիկեան WTI տեսակի նաւթի գինը բարձրացած է 3,21%-ով՝ հասնելով մէկ պարելի դիմաց 98,48 տոլարի։
Բանակցութիւնները վերսկսելու նպատակով օրեր առաջ ԱՄՆ-ի ներկայացուցած առաջարկին Իրան փաքիստանցի միջնորդներու միջոցով պատասխանած էր Մայիս 10-ին։ Ըստ իրանական լրատուամիջոցներու՝ Թեհրանի պատասխանը կը ներառէր պատերազմի դադրեցում բոլոր ճակատներու վրայ, մասնաւորաբար՝ Լիբանանի մէջ, ուր Իսրայէլ կը շարունակէ պայքարը «Հըզպալլա» շարժման դէմ։ Իրան նաեւ կը պահանջէ փոխհատուցում պատերազմի հասցուցած վնասներուն համար եւ կ՚ընդգծէ Իրանի գերիշխանութիւնը Հորմուզի նեղուցի նկատմամբ։
Բացի այդ, Թեհրան կը պահանջէ, որ ԱՄՆ դադրեցնէ իր ծովային շրջափակումը, երաշխաւորէ, որ հետագային յարձակում պիտի չըլլայ, չեղարկէ պատժամիջոցները եւ վերացնէ իրանական նաւթի վաճառքի արգիլքը։
Ըստ «Reuters»-ի՝ ԱՄՆ առաջարկած էր դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները՝ նախքան աւելի վիճայարոյց հարցերու, ներառեալ՝ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ բանակցութիւններ սկսիլը։