image

Այնթուրայի որբանոցին մէջ ոգեկոչման ձեռնարկ

Այնթուրայի որբանոցին մէջ ոգեկոչման ձեռնարկ

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Լիբանանեան քանատական համալսարանը նախաձեռնեց ոգեկոչման ձեռնարկի մը, որուն շրջագիծին մէջ հայկական դպրոցներու աշակերտներ հրաւիրուեցան Այնթուրայի դպրոց:

Դպրոցի շրջափակին մէջ գտնուող հայ որբերու յատուկ դամբարանին զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան Այնթուրայի հայ որբերուն մասին պատմական տուեալներ` Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոցի պատմութեան դասատու Շարլ Հայեքի կողմէ:

Հայեք աշակերտներուն ծանօթացուց այս առիթով համալսարան հրաւիրուած ծերունիի մը` Մոալլեմ Տումեթ, որ օրին Այնթուրայի դպրոցին մէջ աշխատանքի պահուն բացայայտած է հայ մանուկներուն հաւաքական գերեզմանը եւ իմացուցած պատասխանատուները, որոնք անմիջապէս կասեցուցած են աշխատանքները եւ սկսած պեղումներու ու կառուցած որբերուն դամբարանը:

Ապա աշակերտները ուղղուեցան այն վայրը, ուր Այնթուրայի հայ որբերը լուսանկարուած էին, եւ հոն ստացան իրենց խմբային լուսանկարը: Ապա համալսարանին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան,

Աղօթքին յաջորդեց համալսարանի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Իւկեթ Սալամէի բացման խօսքը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ 24 ապրիլ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած բռնարարքներուն: Ան ողջունեց նահատակներն ու անոնց յաջորդող սերունդները, որոնք պահպանեցին հայութեան ինքնութիւնն ու ազգային աւանդները` դառնալով նաեւ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ օրինակելի քաղաքացիներ:

Սալամէ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան գործած ոճիրներուն` հաստատելով, որ օսմանեան բռնութիւնը կը միացնէ հայն ու լիբանանցին:

Համալսարանի նախագահ դոկտ. Ռոնի Ապի Նախլէ հայերէնով արտասանեց ողջոյնի կարճ խօսք մը, որուն մէջ ան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին նկատմամբ իրենց տածած խոր յարգանքը:

Դոկտ. Ապի Նախլէ շեշտեց, որ Լիբանանեան քանատական համալսարանը իր ձայնը կը միացնէ հայ ժողովուրդի ձայնին` աշխարհէն պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցել հայ ժողովուրդին:

Ապա երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անգլերէնով արտասանուած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակի թոռը ըլլալու իր անձնական օրինակին` ակնարկելով իր մեծ հօր` Պօղոս Բագրատունիի նահատակութեան սրտաճմլիկ պատմութեան, եւ հաստատելով, որ անիկա մեծ հօր վերաբերեալ իր գիտցած միակ պատմութիւնն է:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ հայը գաղթականէն վերածուեցաւ քաղաքացիի եւ յաջողեցաւ տարբեր մարզերու մէջ, սակայն թուրքը մնաց թուրք, որ ունի մէկ երազ` փանթուրանականութիւնը, որուն շօշափելի օրինակները բացայայտ են բոլորին համար` սուլթանի հանգամանք ցանկացող Էրտողանի եւ հայու արեան ծարաւ ունեցող Ազրպէյճանի օրինակներուն ընդմէջէն, փաստ ունենալով անցեալ ապրիլին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը, որուն նպատակը եւս փանթուրանական ընդհանուր ծրագիրին մաս կը կազմէր:

«Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, երբ մարդկութեան դէմ ոճիր գործողը իր արդար պատիժը չի կրեր, հետեւաբար մեր պահանջն է, որ Թուրքիոյ նկատմամբ վարուելակերպը ըլլայ այնպէս, ինչպէս ոճրագործ պետութեան մը նկատմամբ ցուցաբերուող վարուելակերպը: Թուրքիոյ կողմէ նոր ցեղասպանութիւններ կազմակերպելու հաւանականութիւնը առկայ պիտի մնայ, այնքան ատեն որ մենք միասնաբար չենք յիշեր եւ չենք պահանջեր», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան անդրադարձաւ հայութեան դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործած բռնարարքներուն, ցեղասպանութեան, տեղահանութեան` նշելով նաեւ Լեռնալիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան պարտադրած սովը:

Ան յիշեց իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը, որոնք տեղահանուած էին իրենց հայրենի հողերէն եւ հասած Տէր Զօր, ապա Պեքաա եւ իրենց կեանքը շարունակած Լիբանանի մէջ:

«Այս պատմութիւնը կը պատմեմ ըսելու համար, որ Օսմանեան կայսրութեան գործադրածը կանխամտածուած ցեղասպանութիւն էր, որուն նպատակն էր բնաջնջել հայութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը պիտի պահպանէ իր հաւաքական յիշողութիւնը եւ պիտի շարունակէ պահանջել իր արդար իրաւունքները:

Ոգեկոչումի ձեռնարկի աւարտին Լիբանանեան քանատական համալսարանի նախագահը յուշանուէր յանձնեց երեսփոխաններ Յ. Բագրատունիին եւ Ս. Թուրսարգիսեանին, Պօղոս վրդ. Թինքճեանին, հայր Սեպուհ Կարապետեանին, վեր. Սեպուհ Թերզեանին, հայր Ապտօ Իտին, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեանին, ԱՖՀԻԼ-ի իրերօգնութեան սնտուկի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանին եւ հայկական դպրոցներու տնօրէններուն եւ պատասխանատուներուն: