Օրերս Փասատինայի Հայ Աւետարանական Կիլիկիա Եկեղեցին հիւրընկալեց Մայրերու Օրուան նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 200 պաշտօնական հիւրեր: Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Ճօ Կարապետեանի աղօթքէն ետք բանախօսի խօսքը ներկայացուց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։ Իսկ երաժշտական բաժինը մատուցեց «Shogh and Friends» խումբը հոգեշունչ եւ գեղարուեստական հիանալի մեկնաբանութիւններով:
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հալէպի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ էջէն:
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը՝
Շաբաթ, 10 Մայիս 2025-ին, Փասատինայի Հայ Աւետարանական Կիլիկիա Եկեղեցիի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ Մայրերու Օրուան նուիրուած հանդիսաւոր ընթրիք։ Աւելի քան 200 հիւրեր՝ ներառեալ եկեղեցականներ, պաշտօնատարներ եւ Լոս Անճըլըսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, մասնակցեցան այս գեղեցիկ եւ հոգեւոր մթնոլորտով համեմուած միջոցառման։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Եկեղեցւոյ Ժողովի ատենապետ՝ Տիար Նազօ Հատիտեան, որ ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ լուսարձակի տակ առաւ մօր տիպարը՝ իբրեւ ընտանիքի հաւատարմութեան ու նուիրումի սիւն, ընտանիքի սիրտը եւ հոգեւոր բաբախումը։
Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Ճօ Կարապետեան աղօթք բարձրացուց։ Գլխաւոր բանախօսի խօսքը ներկայացուց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ։ Իր պատգամին մէջ Վերապատուելին ընդգծեց մօր աստուածատուր առաքելութիւնը՝ հայ ընտանիքին մէջ իբրեւ դաստիարակ, հաւատքի սերմնացան եւ բարոյական արժէքներու կրող։ Ան մասնաւոր կերպով ընդգծեց հայ մօր դերը, որպէս այն սրբազան սիւնի, որ դարերու ընթացքին պահեց մեր ժողովուրդի հոգեւոր ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը եւ քրիստոնէական արժէքները՝ այսպիսով դառնալով մեր ինքնութեան անբաժան հարստութիւնը։
Երաժշտական բաժինը մատուցեց «Shogh and Friends» խումբը հոգեշունչ եւ գեղարուեստական մեկնաբանութիւններով։ Խումբին գլխաւոր երգչուհին՝ Օրդ. Արմանի Հերա Սելիմեան, ներկայացուց հոգեւոր երգեր, մայրերուն նուիրուած գեղեցիկ կատարումներ, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային երգեր՝ պատուելով մեր ժառանգութիւնը եւ հոգեպէս հարստացնելով ներկաները։ Իր կողքին, դաշնամուրի վրայ հանդիսացաւ Տիկ. Շողակաթ Աբարդեան Սելիմեան, պաս կիթառով՝ Տիար Շահան Գիլաղպեան եւ սոլօ կիթառով՝ Տիար Հրակ Գարակէօզեան։ Այս կատարումները հանդիսատեսներուն համար եղան հոգեւոր ոգեշնչում, գոհունակութիւն եւ գնահատանքի արտայայտութիւն՝ բոլոր մայրերուն նուիրուած։