Օրերս Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Վանքուվըրի հայկական շրջանակներէն յարգուած անուն մը՝ Վարուժան Անտոնեանը։
Այնճարէն, Երուսաղէմ ու ապա մինչեւ հեռաւոր Գանատա հանգուցեալ Անտոնեան միշտ ալ նուիրական մօտեցումով մասնակցած է տեղի հայկական կեանքին։Երիտասարդական խանդ ու կրակով ան նուիրեալ միութենականի կերպար դարձաթծ է մանաւանդ Երուսաղէմի մէջ, ուր եղած է աշխոյժ անդամ մը տեղի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մուսալեռ- Այնճար դիմատետրեան էջէն, որ նաեւ նշած է, թէ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 8 մարտ, 2024-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։
Այս տխուր առթիւ ամփոփ գրառում մը կատարած է Սաղիմահայ Սերոբ Սահակեան, որ մօտէն ճանչցած է հանգուցեալը ու անոր նուիրական ընտանիքն ու եղբայրները։
Սահակեան կը գրէ ՝
Վարուժն ալ ոչ եւս է...
Վարուժանի մահուան մասին գրած էր նախկին սաղիմահայ եւ ներկայիս Վարուժանի նման Գանատա հաստատուած Եղիա Ներսէսեանը, տեղադրելով մի քանի լուսանկարներ Երուսաղմի երիտասարդացի գեղեցիկ անցեալէն:
Ան զետեղած էր քանի մը նկարներ Վարուժանի մարզական կեանքէն մանաւանդ ֆուտպոլէն:
Վերջապէս զետեղած էր պատկերներ այդ հիասքանչ օրերէն որոնք Վարուժանների հեռացումով, իրենց կարապի երգն երեւի ալ երգելու են:
Վարուժանը, աւելին Այնճարցի Վարուժը , կարծեմ 1940 ականներուն Անճարէն Երուսաղէմ կայք հաստատած Անտոնեան բազմանդամ ընտանիքին երկրորդ արու զաւակն էր։
Անտոնեան եղբարք հինգ էին, ու բոլորն ալ առանց բացառութեան Երուսաղէմի Հ.Մ.Ը.Մ ին նուիրուած տղաք:
Անոնք զարդն էին, Հ.Մ.Ը.Մ. ի մանաւանդ թատերականի բեմին:
Մագնիսն էին Երուսաղէմի Հ.Մ.Ը.Մ ի մարզական շարժման:
Մէկ խօսքով այդ ընտանիքն ամբողջութփեամբ նուիրուած էր ՀՄԸՄ-ին երեցէն՝կրտսեր զաւակը՝ Վահէն, որ եղած էր իմ Աքելան:
Վերջապէս , եթէ պիտի թուարկէիր թէ 1960- 70 ականներուն որո՞նք էին Երուսաղէմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ողնաշարը համարուող ընտանիքները, ապա անմիջապէս կը մտաբերէիր ու կը նշէիր ,Անտոնեան ընտանիքը ՝ «Այնճարցիներ»ը ու անոնցմէ մէջ Վարուժանը, որ մշտական կերպով ներկայութիւն էր ակումբէն ներս։
Վարուժանը թէեւ լռակեաց, այնուհետեւ ճառագայթող դէմքն էր իր շրջապատին:
Թէեւ լուռ, սակայն ամէն հարցի առաւել լաւատեղեակ էր իր շրջապատէն։
Վերջապէս թէեւ լուռ, այնուհետեւ որեւէ հարցի նախաձեռնութեան գծով ամէնէն աւելի «նախայարձակ»:
Ըստ իմ պատանեկան տպաւորութեան , ան շատ իմաստով կարծես Հ.Մ.Ը.Մ ի «մարտական թեւ»ին առաջադէմ անդամն էր , թէեւ բոլորի հետ ահաւոր խաղաղասէր եւ չափազանց ընկերային:
Ի հարկէ զետեղուած նկարներն ալ կը խօսին այդ բոլորին մասին, ու այն Երուսաղէմին մասին, որն այսօր չկայ...
Չկայ, քանզի չկան «Անճարցիներ»ը ու անոնց նմանները, որ իրենց կայքն հաստատեցին ովկիանոսներէն անդին:
Չկայ քանզի շատերը այդ օտարութեան մէջ կամայ ակամայ, իրենց արմատներուն «դաւաճանեցին» :
Չկայ , քանզի հայ Երուսաղէմը , անկախ իսկ արտագաղթից, շատ կորսնցուց իր մարդկային թէ հոգեւոր արժէքներէն։
Վերջին հարցս Եղբայր Վարուժանի գծով , պատասխանուեցաւ...։
Սիրելի Եղբայր Վարուժան՛
Ընդունիր սա երկու խօսքն որպէս ցաւակցական թէ գնահատական, ի յարգանս այդ օրերուն։
«Բազմած» Ծերոնի պիւֆէի անմիջական փայտեայ նստարանին:
Շուրջդ գոնէ տասէ աւելի մեր պատանիներն ու երիտասարդները։
Եղբայր , ընկեր՛ Վարուժան,
ԱՍՏՈՒԱԾ ՀՈԳԻԴ ԼՈՒՍԱՒՈՐԷ:
Այդ սառուցեալ Գանատայի սառն հողն թեթեւ ու ջերմ գայ վրադ: