Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակն անդրադարձած է Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի այն յայտարարութեան, թէ իբրեւ Նախիջեւան տանող հաղորդակցութեան ուղիները Հայաստանի տարածքին մէջ պիտի հսկեն Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահները։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ փոխվարչապետի գարսենեակէն:
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն ըսած են․ «Եռակողմ աշխատանքային խմբի քննարկումների, այդ թուում՝ վերջին հանդիպման ընթացքում, նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք չի բերուել: Հայաստանի դիրքորոշումը եղել է եւ շարունակում է մնալ այն, որ 2020թ. նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտով նախատեսուած ճանապարհները պիտի գործեն կողմերի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ, փոխադարձութեան սկզբունքով»։
Աւելի վաղ Ատրպէյճանի փոխնախագահ Շահին Մուսթաֆաեւ յայտարարած էր, որ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն՝ քաղաքացիներու, փոխադրային միջոցներու եւ բեռերու անարգել երթեւեկութիւն կազմակերպելու նպատակով վերահսկողութիւն պիտի իրականացնեն Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ ծառայութեան մարմինները։