Լիբանան- «Ազգային ազատ հոսանք»ի ղեկավար երեսփոխան Միշէլ Աուն այսօր մամլոյ ասուլիս մը տալով իր համակիրներէն պահանջեց պատրաստ ըլլալ փողոց իջնելու «զէրօ ժամ»ին: Քրիստոնեայ ղեկավարը նաեւ ըսաւ, որ ինչ արժէք ունին իրեն հաւատարիմ կուսակիցները եւ համակիրները երբ պատրաստ չեն լսելու իր կոչը: Ան դրուատեց «Հըզպալլա»ն նկատել տալով, որ առանց «Հըզպալլա»ի Լիբանանի քրիստոնեաներուն ճակատագիրը յար եւ նման պիտի ըլլար Իրաքի Նինուէի քրիստոնեաներու տխուր ճակատագրին: Աուն աւարտին ըսաւ, որ երկրին մէջ քաղաքական իրավիճակը յետ այսու նոյնը պիտի չմնայ եւ իրենք փողոց պիտի իջնեն կացութիւնը փոխելու նպատակով: