image

Աուն Իր Համակիրները Դարձեալ Փողոց Պիտի Մղէ

Աուն  Իր  Համակիրները  Դարձեալ Փողոց Պիտի Մղէ

 Լիբանան- «Ազգային ազատ հոսանք»ի  ղեկավար  երեսփոխան Միշէլ Աուն   այսօր մամլոյ ասուլիս մը տալով     իր համակիրներէն  պահանջեց պատրաստ ըլլալ  փողոց  իջնելու «զէրօ ժամ»ին: Քրիստոնեայ ղեկավարը  նաեւ ըսաւ, որ  ինչ արժէք  ունին իրեն հաւատարիմ կուսակիցները եւ համակիրները երբ պատրաստ չեն լսելու իր կոչը:  Ան  դրուատեց «Հըզպալլա»ն նկատել տալով, որ առանց «Հըզպալլա»ի   Լիբանանի քրիստոնեաներուն  ճակատագիրը յար եւ նման պիտի ըլլար Իրաքի Նինուէի քրիստոնեաներու  տխուր ճակատագրին:   Աուն      աւարտին ըսաւ, որ  երկրին մէջ քաղաքական իրավիճակը յետ այսու  նոյնը պիտի չմնայ եւ իրենք     փողոց պիտի իջնեն   կացութիւնը փոխելու նպատակով: