«Վիվա Չիլէ որ իր հողատարածութեան վրայ կը կասեցնէ դրամի տիրապետութեամբ յատկանշուող համաշխարհային յետադիմութիւնը որ կ'առաջնորդէ դէպի ենթարկուած հասարակութիւններու: Ինչ ալ պատահի այս մեծ պահը, որ մեզի կը յիշեցնէ թէ ամէն ինչ անվերադարձօրէն կորսուած չէ, պէտք չէ մոռցուի», գրեց ֆրանսացի մտածող Էտկար Մօրէն Թուիթթըր-ի իր հաշիւին վրայ երկուշաբթի 20 Դեկտեմբեր 2021-ին, երբ հաստատուեցաւ հարաւամերիկեան երկրին մէջ 35 տարեկան Կապրիէլ Պորիք ընտրուած էր նախագահ:
Պորիք Ձախին թեկնածուն էր և իր գլխաւոր մրցակիցը՝ Աջակողմեան Խոսէ Անթոնիօ Քասթն էր, որ ընտրութիւններու առաջին փուլին աւելի ձայն հաւաքած էր: Քուէներու 99 տոկոսի հաշուարկումի աւարտին արդէն արդիւնքը կասկած չէր առաջացներ. Պորիք ստացած էր ձայներուն 55,81 տոկոսը և Քասթ՝ 44,19 տոկոսը: Չիլէի մէջ ընտրութիւններու մասնակցիլը ստիպողական չէ, սակայն 1990-ին ժողովրդավարութեան վերադարձէն ի վեր ընտրութեան մասնակցութիւնը մրցանիշ կտրած էր. Պորիքին ձայն տուին 4.610.345 որ աւելի է քան Ֆրէյ Լուիս Թակլէ, ժողովրդավարութենէն յետոյ ընտրութիւններով իշխանութեան հասած էր 1993-ին 4.040.497 ձայներով: Ինչ կը վերաբերի Պորիքի ստացած քուէներու տոկոսի համեմատութեամբ, միայն ընկերվարական Միշէլլ Պաշըլէթ-ն էր (ներկայիս ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովի Բարձր Ներկայացուցիչը) որ 2013-ին ստացաւ ձայներու 62,17% տոկոսը:
Աուկուսթօ Փինոչէթի պետական հարուածով 11 Սեպտեմբեր 1973-ին իշխանութենէ հեռացած և Նախագահական Պալատին մէջ զինուորականներու կողմէ սպաննուած Սալվատոր Այենտէէն յետոյ Պորիք ամենաՁախ ղեկավարն է որ իշխանութեան կը հասնի: Իր մրցակից Քասթը, ուղղափառ ազատ-շուկայական նէօլիպերալ տնտեսագէտ մը, քաղաքական իմաստով ինքզինք շատ աւելի մօտ կը դասէր Փինոչէթին քան Չիլէի կեդրոն-Աջին, ներառեալ մինչև Պորիքի ընտրութիւնը երկրի նախագահ Սեպասթիան Փինիէրան: Բայց Պորիք-Քասթ մրցակցութիւնը ճիշդ չէ դիտել անցեալի, 1960-70 թուականներու, գաղափարախօսական պայքարի կարօտախտի պրիսմակով: Պորիք կը խորհրդանշէ ե՛ւ Չիլէի, ե՛ւ Լատինական Ամերիկայի մէջ յեղափոխական պայքարներու այդ ժամանակաշրջանին յաջորդած Ձախին ինքնավերաթարմացման յանձնառութիւնն ու կարողականութիւնը: Եւ որպէս այդպիսին, իր ընտրութիւնը թերևս յուշէ թէ որքա՛ն անճիշդ էրՖրանսիս Ֆուքույամայի «Պատմութեան աւարտ»ի թէզին ենթադրած «գաղափարախօսութիւններու մահ»ը և լիպերալ ժողովրդավարութեան և ազատ-շուկայական յարաբերութիւններու «միակ» բնորդին (Մարկարէթ Թաչըրի նշանաւոր «Այլընտրանք չկայ»ի -There is no alternative, TNA- տեսականացումը) վերջնական տիրապետումը:
Մինչև Հոկտեմբեր 2019, Չիլէ օրինակելի երկիրն ու ազատ-շուկայական տնտեսութիւնն էր ամբողջ Լատինական Ամերիկայի մէջ: Փինոչէթի պետական հարուածէն յետոյ, Միլթըն Ֆրիտմանի Չիքակօ Պոյզ-երը, Լատինական Ամերիկայէն 1960-ականներուն Չիքակոյի Համալսարանին մէջ Մոնեթարիստ տեսութիւնները զարգացնող Ֆրիտմանի հետ տնտեսագիտութիւն ուսանելու համար կրթաթոշակներ ստացած առաջադէմ ուսանողներու ամբողջ սերունդ մը, այդ երկիրը վերածեցին նէօլիպերալ փորձարկումի առաջին տարրալուծարանին: Զինուորական վայրագ ճնշումը, երեք հազար ընդդիմադիրներու -ուսանողներ, արհմիութենական ղեկավարներ, մտաւորականներ և նոյնիսկ ժողովրդավար զինուորականներ ներառեալ Պաշըլէթին հայրը- սպաննութեան ու «անհետացման» գինով ամէն բողոքի բացառումը, իրենց ուղին հարթեց երկրի տնտեսութիւնը կայունացնելու և համաշխարհային տնտեսութեան համարկելու: Անշուշտ ոչ ոք կը յիշէ, որ անոր հասնելու համար տասնամեակէ աւելի անհրաժեշտ եղաւ, գնաճի տագնապները չպակսեցան, և հարստութեան խիստ անարդար վերաբաշխում եղաւ:
Չիլէն Հարաւային Ամերիկայի մէջ վերջին երկիրը եղաւ որ ժողովրդավարութեան վերադարձաւ: Սակայն այդ քայլը տրուեցաւ նախ անխախտ պահելով Փինոչէթի օրով գրուած սահմանադրութիւն մը, ապա, մասնաւորաբար, պահելով տնտեսական քաղաքականութիւնը: Իշխանութեան վրայ իրերայաջորդ Քրիստոնէայ Ժողովրդավարներն ու Ընկերվարական Կուսակցութիւնը դէմ յանդիման եկան այդ օրինակելի բնորդին ու կայուն տնտեսութեան քաղաքական և ընկերային տարբեր պոռթկումներուն: Առաջինին պարագային, երկրի Սահմանադրութիւնը լուսանցքի վրայ ձգած էր Չիլէի բնիկներուն և անտեսած իրենց բոլոր իրաւունքները ներառեալ քաղաքական կեանքին մասնակցութիւնը: Երկրորդին պարագային, ի մասնաւորի քսանմէկերորդ դարուն և Լատինական Ամերիկայի մէջ Դէպի Ձախ թեքումի ժամանակաշրջանին, ակտիւացան համակարգէն դուրս մնացած հատուածներու և յատկապէս ուսանողներու բողոքի զօրաշարժերը, որոնք յաճախ բռնի կերպով ճնշուեցան: Հոկտեմբեր 2019-ին ընդհանուր զօրաշարժն ու ընկերային բողոքը սակայն հասան իրենց լրումին. յաջորդ տարին իսկ Չիլէի մէջ ժոլովրդային հանրաքուէն Սահմանադրական փոփոխութիւններու ճամբայ հարթեց: Սահմանադրական Խորհուրդը որ ընտրուեցաւ հիմնականօրէն Ձախակողմեան ներկայացուցիչներ են, իսկ անոր նախագահը բնիկ էթնիք խումբերէն իրաւագէտ կին մը:
Ուսանողական բողոքի զօրաշարժը ղեկավարներէն էր Պորիք, որ ինքզինք կը ներկայացնէր որպէս ֆեմինիսթ, բնապահպանական և յանձնառու տարածաշրջանի համարկումին որմէ Չիլէ ինքզինք դուրս ձգած էր որպէսզի չխաթարէ իր յաջող տնտեսական բնորդը: Պորիք իր քննադատութիւններու թիրախ ըրաւ երկրի ղեկավարութիւնը յաճախ օրինակներ բերելով դրացի երկիրներէ: Օրինակի համար ան առիթով մը ըսած էր որ դրացի Արժանթինի մէջ բռնատէրերը բանտերու մէջ մահացան, մինչ Չիլէի մէջ անոնց շնորհուեցաւ ցմահ Ծերակուտականի պաշտօն -ակնարկելով անշուշտ Փինոչէթին, որ իշխանութենէն հեռանալով երկրի Օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ապահոված էր իր անձեռնմխելիութիւնը: Պորիքի ընտրութենէն յետոյ, շրջագայութեան մէջ դրուեցաւ 2013-ին օրին Չիլէի մօտ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանին հետ Թուիթթերային իր բանավէճը, երբ դիւանագէտին յիշեցուցած էր որ Հարաւ Ատլանտեան կղզիները կը կոչուին «Մալվինաս» և ոչ թէ «Ֆոլքլէնտ» (որպէս Արժանթինի մրցակից ու հակառակորդ, Չիլէն, ի տարբերութիւն Լատինական Ամերիկայի այլ երկիրներու, ոչ միայն չէզոքութիւն պահած էր 1982-ի Հարաւ Ատլանտեան պատերազմին, այլ լուռ գործակցած Լոնտոնի հետ): Ի դէպ, Պորիք արդէն Արժանթինը ընտրեց որպէս իր արտաքին ճամբորդութիւններու առաջին հանգրուան:
Լատին Ամերիկեան Ձախը 1980-ականներուն աւարտեց զինեալ պայքարի գրեթէ երեք տասնամեակեայ հագրուանը և ընտրեց ժողովրդավարութեան և մարդկային իրաւանց յանձնառութեան ուղիով իշխանութեան հասնելու յաձնառութեան ուղին: Դժուար եղաւ նէօլիպերալիզմի յաղթական վերելքի երկու տասնամեակներուն յառաջընթաց արձանագրել: Բայց Պրազիլի, Արժանթինի թէ Ուրուկուայի մէջ Ձախը իր առջև դրաւ երկարաժամկէտ նպատակը, վերակազմակերպեց և արդիականացուց իր կառոյցները, ներգրաւեց ընկերային շարժումները, իր օրակարգին վրայ կարևուորութեամբ տեղի տուաւ ֆեմինիզմին, կենտերային իրաւունքներուն, բնապահպանումին, մարդկային իրաւանց խորացման հարցերուն, և 1999-2001 տարիներուն համակարգային մեծ ճգնաժամին պատրաստ էր իշխանութեան հասնելու ժողովրդային լայն զօրակցութեամբ:
Արդէն պատմութիւն կերտած Դէպի Ձախ Թեքումը Հարաւային Ամերիկայի մէջ ընկերային իմաստով կարևոր նուաճումներ արձանագրեց: Ունեցաւ նաև բացթողումներ, ինչպէս փտտածութեան պարագաները, և ծնունդ տուաւ մեծ յուսախաբութիւններու ինչպէս Վենեզուելան Չավէսի մահէն յետոյ կամ Սանտինական յեղափոխականէն ահաւոր բռնատէրի վերածուած Տանիէլ Օրթեկայի Նիքարակուան: Դէպի Ձախ Թեքումը մարեցաւ 2015-ին, և թրեևս անկէ առաջ ալ, և Աջը վերադարձաւ ի դէմս Մաուրիսիօ Մաքրիի Արժանթինի մէջ և, մանաւանդ, Ժաիր Պոլսոնարոյի Պրազիլի, ի մէջ այլոց: 2019-էն ի վեր, սակայն, ինքզինք վերաթարմացուցած Ձախը կրկին քաղաքական բեմին վրայ յայտնուելու սկսած է: Պորիքի յաղթանակը այս իմաստով ևս կը կարևորուի: Ի մասնաւորի եթէ գալ տարի Պրազիլի մէջ Լուլան ընտրուի նախագահ ինչպէս մինչև հիմա ամէն ժողովրդային հարցախոյզերը ցոյց կու տան, սպասելի է որ տարածաշրջանային իմաստով կացութիւն ստեղծուի, և Լատինական Ամերիկան վերադառնայ միջազգային քաղաքականութեան բեմահարթակ ինչպէս քսանմէկերորդ դարու առաջին տասնամեակին:
Դրամատիրութիւնը փաստը տուած է, որ որպէս համակարգ ինքզինք կրնայ վերաթարմացնել ճգնաժամէ ճգնաժամ: Խորհրդային պատմական կենսափորձի սնանկացումը և ձախողութիւնը դրամատիրութեան տուած է մշտնջենականութեան «աուրայ» մը: Ճիշդ է, որ համաշխարհային պատմութիւնը դեռ երկար պիտի գրուի դրամատիրութեան ճգնաժամերու իրերայաջորդականութեամբ և շահագործման մեքանիզմներու նորարութեան կշռոյթով: Բայց թերևս անհրաժեշտ է քիչ մը աւելի ուշադիր ըլլալ նաև լայն իմաստով ընկերվարական շարժումի վերաթարմացման կարողականութեան, որուն վերջին օրինակը տրուեցաւ Չիլէի մէջ Պորիքի յաղթանակով: