image

Աւելի քան ընտրութիւն մը.Կապրիէլ Պորիք եւ ձախին վերաթարմացումը Խ. Տէր Ղուկասեան

Աւելի քան ընտրութիւն մը.Կապրիէլ Պորիք եւ ձախին վերաթարմացումը Խ. Տէր Ղուկասեան

«Վիվա Չիլէ որ իր հողատարածութեան վրայ կը կասեցնէ դրամի տիրապետութեամբ յատկանշուող համաշխարհային յետադիմութիւնը որ կ'առաջնորդէ դէպի ենթարկուած հասարակութիւններու: Ինչ ալ պատահի այս մեծ պահը, որ մեզի կը յիշեցնէ թէ ամէն ինչ անվերադարձօրէն կորսուած չէ, պէտք չէ մոռցուի», գրեց ֆրանսացի մտածող Էտկար Մօրէն Թուիթթըր-ի իր հաշիւին վրայ երկուշաբթի 20 Դեկտեմբեր 2021-ին, երբ հաստատուեցաւ հարաւամերիկեան երկրին մէջ 35 տարեկան Կապրիէլ Պորիք ընտրուած էր նախագահ:

Պորիք Ձախին թեկնածուն էր և իր գլխաւոր մրցակիցը՝ Աջակողմեան Խոսէ Անթոնիօ Քասթն էր, որ ընտրութիւններու առաջին փուլին աւելի ձայն հաւաքած էր: Քուէներու 99 տոկոսի հաշուարկումի աւարտին արդէն արդիւնքը կասկած չէր առաջացներ. Պորիք ստացած էր ձայներուն 55,81 տոկոսը և Քասթ՝ 44,19 տոկոսը: Չիլէի մէջ ընտրութիւններու մասնակցիլը ստիպողական չէ, սակայն 1990-ին ժողովրդավարութեան վերադարձէն ի վեր ընտրութեան մասնակցութիւնը մրցանիշ կտրած էր. Պորիքին ձայն տուին 4.610.345 որ աւելի է քան Ֆրէյ Լուիս Թակլէ, ժողովրդավարութենէն յետոյ ընտրութիւններով իշխանութեան հասած էր 1993-ին 4.040.497 ձայներով: Ինչ կը վերաբերի Պորիքի ստացած քուէներու տոկոսի համեմատութեամբ, միայն ընկերվարական Միշէլլ Պաշըլէթ-ն էր (ներկայիս ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովի Բարձր Ներկայացուցիչը) որ 2013-ին ստացաւ ձայներու 62,17% տոկոսը:

Աուկուսթօ Փինոչէթի պետական հարուածով 11 Սեպտեմբեր 1973-ին իշխանութենէ հեռացած և Նախագահական Պալատին մէջ զինուորականներու կողմէ սպաննուած Սալվատոր Այենտէէն յետոյ Պորիք ամենաՁախ ղեկավարն է որ իշխանութեան կը հասնի: Իր մրցակից Քասթը, ուղղափառ ազատ-շուկայական նէօլիպերալ տնտեսագէտ մը, քաղաքական իմաստով ինքզինք շատ աւելի մօտ կը դասէր Փինոչէթին քան Չիլէի կեդրոն-Աջին, ներառեալ մինչև Պորիքի ընտրութիւնը երկրի նախագահ Սեպասթիան Փինիէրան: Բայց Պորիք-Քասթ մրցակցութիւնը ճիշդ չէ դիտել անցեալի, 1960-70 թուականներու, գաղափարախօսական պայքարի կարօտախտի պրիսմակով: Պորիք կը խորհրդանշէ ե՛ւ Չիլէի, ե՛ւ Լատինական Ամերիկայի մէջ յեղափոխական պայքարներու այդ ժամանակաշրջանին յաջորդած Ձախին ինքնավերաթարմացման յանձնառութիւնն ու կարողականութիւնը: Եւ որպէս այդպիսին, իր ընտրութիւնը թերևս յուշէ թէ որքա՛ն անճիշդ էրՖրանսիս Ֆուքույամայի «Պատմութեան աւարտ»ի թէզին ենթադրած «գաղափարախօսութիւններու մահ»ը և լիպերալ ժողովրդավարութեան և ազատ-շուկայական յարաբերութիւններու «միակ» բնորդին (Մարկարէթ Թաչըրի նշանաւոր «Այլընտրանք չկայ»ի -There is no alternative, TNA- տեսականացումը) վերջնական տիրապետումը: 

Մինչև Հոկտեմբեր 2019, Չիլէ օրինակելի երկիրն ու ազատ-շուկայական տնտեսութիւնն էր ամբողջ Լատինական Ամերիկայի մէջ: Փինոչէթի պետական հարուածէն յետոյ, Միլթըն Ֆրիտմանի Չիքակօ Պոյզ-երը, Լատինական Ամերիկայէն 1960-ականներուն Չիքակոյի Համալսարանին մէջ Մոնեթարիստ տեսութիւնները զարգացնող Ֆրիտմանի հետ տնտեսագիտութիւն ուսանելու համար կրթաթոշակներ ստացած առաջադէմ ուսանողներու ամբողջ սերունդ մը, այդ երկիրը վերածեցին նէօլիպերալ փորձարկումի առաջին տարրալուծարանին: Զինուորական վայրագ ճնշումը, երեք հազար ընդդիմադիրներու -ուսանողներ, արհմիութենական ղեկավարներ, մտաւորականներ և նոյնիսկ ժողովրդավար զինուորականներ ներառեալ Պաշըլէթին հայրը- սպաննութեան ու «անհետացման» գինով ամէն բողոքի բացառումը, իրենց ուղին հարթեց երկրի տնտեսութիւնը կայունացնելու և համաշխարհային տնտեսութեան համարկելու: Անշուշտ ոչ ոք կը յիշէ, որ անոր հասնելու համար տասնամեակէ աւելի անհրաժեշտ եղաւ, գնաճի տագնապները չպակսեցան, և հարստութեան խիստ անարդար վերաբաշխում եղաւ:

Չիլէն Հարաւային Ամերիկայի մէջ վերջին երկիրը եղաւ որ ժողովրդավարութեան վերադարձաւ: Սակայն այդ քայլը տրուեցաւ նախ անխախտ պահելով Փինոչէթի օրով գրուած սահմանադրութիւն մը, ապա, մասնաւորաբար, պահելով տնտեսական քաղաքականութիւնը: Իշխանութեան վրայ իրերայաջորդ Քրիստոնէայ Ժողովրդավարներն ու Ընկերվարական Կուսակցութիւնը դէմ յանդիման եկան այդ օրինակելի բնորդին ու կայուն տնտեսութեան քաղաքական և ընկերային տարբեր պոռթկումներուն: Առաջինին պարագային, երկրի Սահմանադրութիւնը լուսանցքի վրայ ձգած էր Չիլէի բնիկներուն և անտեսած իրենց բոլոր իրաւունքները ներառեալ քաղաքական կեանքին մասնակցութիւնը: Երկրորդին պարագային, ի մասնաւորի քսանմէկերորդ դարուն և Լատինական Ամերիկայի մէջ Դէպի Ձախ թեքումի ժամանակաշրջանին, ակտիւացան համակարգէն դուրս մնացած հատուածներու և յատկապէս ուսանողներու բողոքի զօրաշարժերը, որոնք յաճախ բռնի կերպով ճնշուեցան: Հոկտեմբեր 2019-ին ընդհանուր զօրաշարժն ու ընկերային բողոքը սակայն հասան իրենց լրումին. յաջորդ տարին իսկ Չիլէի մէջ ժոլովրդային հանրաքուէն Սահմանադրական փոփոխութիւններու ճամբայ հարթեց: Սահմանադրական Խորհուրդը որ ընտրուեցաւ հիմնականօրէն Ձախակողմեան ներկայացուցիչներ են, իսկ անոր նախագահը բնիկ էթնիք խումբերէն իրաւագէտ կին մը: 

Ուսանողական բողոքի զօրաշարժը ղեկավարներէն էր Պորիք, որ ինքզինք կը ներկայացնէր որպէս ֆեմինիսթ, բնապահպանական և յանձնառու տարածաշրջանի համարկումին որմէ Չիլէ ինքզինք դուրս ձգած էր որպէսզի չխաթարէ իր յաջող տնտեսական բնորդը: Պորիք իր քննադատութիւններու թիրախ ըրաւ երկրի ղեկավարութիւնը յաճախ օրինակներ բերելով դրացի երկիրներէ: Օրինակի համար ան առիթով մը ըսած էր որ դրացի Արժանթինի մէջ բռնատէրերը բանտերու մէջ մահացան, մինչ Չիլէի մէջ անոնց շնորհուեցաւ ցմահ Ծերակուտականի պաշտօն -ակնարկելով անշուշտ Փինոչէթին, որ իշխանութենէն հեռանալով երկրի Օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ապահոված էր իր անձեռնմխելիութիւնը: Պորիքի ընտրութենէն յետոյ, շրջագայութեան մէջ դրուեցաւ 2013-ին օրին Չիլէի մօտ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանին հետ Թուիթթերային իր բանավէճը, երբ դիւանագէտին յիշեցուցած էր որ Հարաւ Ատլանտեան կղզիները կը կոչուին «Մալվինաս» և ոչ թէ «Ֆոլքլէնտ» (որպէս Արժանթինի մրցակից ու հակառակորդ, Չիլէն, ի տարբերութիւն Լատինական Ամերիկայի այլ երկիրներու, ոչ միայն չէզոքութիւն պահած էր 1982-ի Հարաւ Ատլանտեան պատերազմին, այլ լուռ գործակցած Լոնտոնի հետ):  Ի դէպ, Պորիք արդէն Արժանթինը ընտրեց որպէս իր արտաքին ճամբորդութիւններու առաջին հանգրուան:

Լատին Ամերիկեան Ձախը 1980-ականներուն աւարտեց զինեալ պայքարի գրեթէ երեք տասնամեակեայ հագրուանը և ընտրեց ժողովրդավարութեան և մարդկային իրաւանց յանձնառութեան ուղիով իշխանութեան հասնելու յաձնառութեան ուղին: Դժուար եղաւ նէօլիպերալիզմի յաղթական վերելքի երկու տասնամեակներուն յառաջընթաց արձանագրել: Բայց Պրազիլի, Արժանթինի թէ Ուրուկուայի մէջ Ձախը իր առջև դրաւ երկարաժամկէտ նպատակը, վերակազմակերպեց և արդիականացուց իր կառոյցները, ներգրաւեց ընկերային շարժումները, իր օրակարգին վրայ կարևուորութեամբ տեղի տուաւ ֆեմինիզմին, կենտերային իրաւունքներուն, բնապահպանումին, մարդկային իրաւանց խորացման հարցերուն, և 1999-2001 տարիներուն համակարգային մեծ ճգնաժամին պատրաստ էր իշխանութեան հասնելու ժողովրդային լայն զօրակցութեամբ:

Արդէն պատմութիւն կերտած Դէպի Ձախ Թեքումը Հարաւային Ամերիկայի մէջ ընկերային իմաստով կարևոր նուաճումներ արձանագրեց: Ունեցաւ նաև բացթողումներ, ինչպէս փտտածութեան պարագաները, և ծնունդ տուաւ մեծ յուսախաբութիւններու ինչպէս Վենեզուելան Չավէսի մահէն յետոյ կամ Սանտինական յեղափոխականէն ահաւոր բռնատէրի վերածուած Տանիէլ Օրթեկայի Նիքարակուան: Դէպի Ձախ Թեքումը մարեցաւ 2015-ին, և թրեևս անկէ առաջ ալ, և Աջը վերադարձաւ ի դէմս Մաուրիսիօ Մաքրիի Արժանթինի մէջ և, մանաւանդ, Ժաիր Պոլսոնարոյի Պրազիլի, ի մէջ այլոց: 2019-էն ի վեր, սակայն, ինքզինք վերաթարմացուցած Ձախը կրկին քաղաքական բեմին վրայ յայտնուելու սկսած է: Պորիքի յաղթանակը այս իմաստով ևս կը կարևորուի: Ի մասնաւորի եթէ գալ տարի Պրազիլի մէջ Լուլան ընտրուի նախագահ ինչպէս մինչև հիմա ամէն ժողովրդային հարցախոյզերը ցոյց կու տան, սպասելի է որ տարածաշրջանային իմաստով կացութիւն ստեղծուի, և Լատինական Ամերիկան վերադառնայ միջազգային քաղաքականութեան բեմահարթակ ինչպէս քսանմէկերորդ դարու առաջին տասնամեակին:

Դրամատիրութիւնը փաստը տուած է, որ որպէս համակարգ ինքզինք կրնայ վերաթարմացնել ճգնաժամէ ճգնաժամ: Խորհրդային պատմական կենսափորձի սնանկացումը և ձախողութիւնը դրամատիրութեան տուած է մշտնջենականութեան «աուրայ» մը: Ճիշդ է, որ համաշխարհային պատմութիւնը դեռ երկար պիտի գրուի դրամատիրութեան ճգնաժամերու իրերայաջորդականութեամբ և շահագործման մեքանիզմներու նորարութեան կշռոյթով: Բայց թերևս անհրաժեշտ է քիչ մը աւելի ուշադիր ըլլալ նաև լայն իմաստով ընկերվարական շարժումի վերաթարմացման կարողականութեան, որուն վերջին օրինակը տրուեցաւ Չիլէի մէջ Պորիքի յաղթանակով:       

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...