Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարն այցելած է Իրանի հետ սահման։ Ինչպէս տեղեկացուցած է APA-ն, այս մասին նշուած է ընկերային հարթակի՝ դեսպանութեան էջին։
«Գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Հուկօ Կեւարան այցելած է Պետական մաքսային կոմիտէ Ասթարա քաղաքի մէջ՝ ԱՄՆ-ի տրամադրած սարքաւորման օգտագործումը դիտելու համար. սարքաւորումը տրամադրուած է Ատրպէյճանի հարաւային սահմանի երկայնքով թմրանիւթերու անօրինական շրջանառութիւնը կանխելու համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։