image

Ատրպէյճան դժգոհ է ռուս պատգամաւորի խօսքերէն. Միլոնով ըսած էր «Արցախը հինաւուրց հայկական հող է»

Ատրպէյճան դժգոհ է ռուս  պատգամաւորի խօսքերէն. Միլոնով ըսած էր  «Արցախը հինաւուրց հայկական հող է»

Ատրպէյճանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը կանչած են երկրի ԱԳՆ՝ ՌԴ Պետական Տումայի պատգամաւոր Վիթալի Միլոնովի՝ հայկական հաղորդման տուած հարցազրոյցի հետ կապուած:

«Ժամանակաւոր հաւատարմատարի հետ հանդիպման ժամանակ բարձրացուած է ՌԴ Պետական Տումայի՝ «Միասնական Ռուսաստան» իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Վիթալի Միլոնովի՝ հայկական ԶԼՄ-ներուն տուած հարցազրոյցի եւ ատրպէյճանական պետութեան եւ ժողովուրդի հասցէին անոր արտայայտութիւններու հարցը: Ընդգծուած է, որ Պետական Տումայի պատգամաւորի նման վարմունքը անթոյլատրելի է»,- «Ինթըրֆաքս» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ըսած են երկրի ԱԳՆ-էն:

Ինչպէս նշած է գործակալութիւնը, «Դիրքորոշում» հաղորդման տուած հարցազրոյցի ժամանակ պատգամաւորը շեշտած էր, որ «Ղարաբաղը հինաւուրց հայակական հող է»:  

16 հոկտեմբեր 2020-ին Միլոնովն այցելած էր Ստեփանակերտ, ուր հանդիպում ունեցած էր ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Ատրպէյճանը վերջինիս ներառած է այն անձանց ցուցակին մէջ, որոնց մուտքը կ'արգիլուի երկիր: