Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած է, որ երկիրը պիտի չզիջի համաշխարհային տէրութիւններու ճնշման տակ։
«Մենք կառավարութեան մէջ համաձայնութեան եկած ենք. նոյնիսկ, եթէ բոլոր համաշխարհային տէրութիւնները անարդարացիօրէն մեր դէմ հանդէս գան, որ ստիպեն մեզ զիջիլ, մենք պիտի չզիջինք»,- ըսած է ան։